
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա Չորեքշաբթի, Փետրուար 6ին հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ժագ Ֆորի (Ֆրանսա) եւ Իան Քելիի (Ամերիկա) հետ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Այս մասին հրապարակուած ԵԱՀԿի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ զրոյցին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ Մինսկի խմբակի համանախագահներու՝ Փարիզի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները: Փարիզեան հանդիպման ընթացքին քննութեան ենթարկուած էր գործընթացը խաղաղ առաջ տանելու ուղղութեամբ միջնորդներուն ներկայացուցած առաջարկները, ինչպէս նաեւ վստահութիւնն ամրապնդելու միջոցները:
ԵԱՀԿի գործող նախագահը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հրադադարը ամրապնդելու ու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ հակամարտող կողմերուն օգնելու:
«Ես կողմերուն կոչ կ՛ընեմ անհրաժեշտ նուիրուածութիւն եւ քաղաքական կամք ցուցաբերելու, որպէսզի վերջապէս խաղաղութիւն հաստատուի այդ տարածաշրջանին մէջ», ըսած է ԵԱՀԿի նախագահ Քոժարան: