Ըստ «Նիու Եորք Թայմզ»ի, Տիգրան Համասեանը արժանացած է Վիլչէքի մրցանակին: 35 հազար տոլար մրցանակը կը տրուի Վիլչէք հիմնադրամին կողմէն ժամանակակից երաժշտութեան մէջ յաջողութիւններ արձանագրողներուն. բացի Տիգրան Համասեանէն, երկու երաժիշտ եւս արժանացած են այս մրցանակին՝ ծնունդով բրիտանացի Ճեյմս Ապրահարթը, որ յայտնի է JHart անունով եւ քենիացի երգահան Սամուէլ Պազաւուլը:
Գլխաւոր մրցանակը՝ 100 հազար տոլար, բաժին ինկած է աշխարհահռչակ թաւջութակահար, ազգութեամբ չինացի Եօ-Եօ Մային:
Վիլչէք հիմնադրամը հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ բնակող, օտար երկրի մէջ ծնած եւ յաջողութեան հասած գիտնականներն ու արուեստագէտները խրախուսելու համար: Զայն հիմնադրած է Չեքոսլովաքիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած գիտնական Եան Վիլչէքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.