ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Հայաստան» Հիմնադրամը Յունուար 30ին հրապարակած իր հաղորդագրութեամբ ամփոփ ներկայացումը կը կատարէ Սուրիահայութեան ցուցաբերած իր օժանդակութեան:
Ան կը կատարուի թէ՛ Հայաստան ապաստանած Սուրիահայերուն եւ թէ՛ Սուրիա մնացած Հայութեան, գլխաւորաբար՝ Հալէպահայութեան, որ ամենէն շատ տուժածն է: Հիմնադրամին կողմէ ամրան վարձուած երկու օդանաւերը Սուրիահայեր փոխադրած են դէպի Հայաստան: Հիմնադրամը նաեւ դեղօրայք ղրկած է այդ գաղթականներուն, ապահոված՝ սուրիահայ 69 երիտասարդի ուսման ծախսերը: Գերմանիոյ իր մասնաճիւղն ալ 10.000 եւրօ ղրկած է սուրիահայ ամենէն կարօտեալ գաղթականներուն: Լիբանանի մասնաճիւղը ռատիօթոնով հանգանակած է 100,000 տոլարի գումար մը, որ յատկացուած է սուրիահայ ուսուցիչներու աշխատավարձքերու վճարումին: Ֆրանսայի Հիմնադրամն ալ նոյն նպատակին տրամադրած է 50,000 եւրօ: Կը նշուի, թէ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մասնաճիւղերը իրենց օժանդակութիւնը կատարած են հետեւելով Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան կեդրոնական մարմնին թելադրանքներուն:
Հիմնադրամի Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մասնաճիւղերը այս բնոյթի օժանդակութեամբ կ՛ուզեն ընդգծել սուրիահայ կրթական թանկարժէք համակարգը պահպանելու եւ անոր յարատեւութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով, որ Սուրիահայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը փափաքի մնալ իր երկրին մէջ: Կ՛ըսուի նաեւ թէ, յառաջիկայ ամիսներուն այլ մասնաճիւղերու օժանդակութիւններ ալ պիտի առաքուին Սուրիա: Ֆրանսայի մասնաճիւղը կը շարունակէ նուէրներ ստանալ նոյն նպատակին համար: Արդէն նախատեսուած է 50.000 եւրոյի նոր գումարի մը յատկացումը: Հիմնադրամը կը խոստանայ նաեւ օժանդակել՝ սուրիահայ համայնքային կառոյցներու վերաշինութեան գործին, երբ որ կռիւները դադրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.