ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արցախեան Ազատագրական պայքարին մեր նահատակներու թիւի ճշգրիտ պատկերը չունինք: Մամուլի մէջ յիշուած է «շուրջ վեց հազար» թիւը, որուն մէջ հաւանաբար նկատի չեն առնուած շուրջ 800 անհետ կորսուած ազատամարտիկներ:
Նահատակները մեծ մասամբ թաղուած են իրենց բնակած վայրերու, հարազատ աւանի կամ գիւղի գերեզմանատուներուն մէջ: Եռաբլուրի եւ Ստեփանակերտի Նահատակաց գերեզմանատան մէջ ամփոփուած են հարիւրաւորներու աճիւնները: Փառքի ու յիշատակի կոթողներ, աղբիւրներ ու դպրոցներ կը կրեն բազմաթիւ նահատակներու անուններ:
Իմ առաջարկը. Արցախեան Ազատամարտի քսանհինգամեակին առիթով, նախաձեռնել մէկ ու ամբողջական համալիրի մը կառուցման, ուր պէտք է գտնել բոլոր նահատակներուն անունները: Վս-տահ ենք, որ պետութիւնը, յանձինս պաշտպանութեան նախարարութեան, իր արխիւներուն մէջ ունի բոլոր նահատակներուն անունները: Ի վերջոյ, պետութիւնը պարտաւորութիւնն ունի անոնց ընտանիքներուն օժանդակելու, ուրեմն՝ պէտք է ունենալ բոլոր անհրաժեշտ տուեալները եւ ոչ ոքի անունը դուրս թողուլ:
Այս համալիրը կարելի է կառուցել Եռաբլուրի կամ Ստեփանակերտի մէջ, կամ՝ Գորիսի շրջանը, դէպի Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ: Այս համալիրի կառուցման աշխատանքներուն պէտք է ներգրաւել բացառաբար նախկին ազատամարտիկներ, ինչ որ ձեւով մը՝ աշխատանքին նոյնիսկ մասնակից դարձնելով հաշմանդամները, բոլորին պատշաճ վճարումով:
Համոզուած եմ, որ այս ծրագիրին վրայ ծախսուած գումարները, նոյնսիկ այս օրերուն, երբ հայրենիքի թէ Սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն մէջ կան խիստ անյետաձգելի ձեռնարկներ, որոնք կարիքն ունին անմիջական ներդրումներու, պիտի վերադառնան ազգին՝ բարոյական կորովի տեսքով, հայրենասիրութեան խրախուսման ճամբով եւ ապագայ մարտիկներուն փոխանցուած յստակ պատգամով, թէ՝ ո՛չ մէկ զոհողութիւն կը մոռցուի: