ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Չորեքշաբթի, Փետրուար 13ին յայտարարեց, թէ այս ամսուան վերջաւորութեան Միջին Արեւելք եւ Եւրոպա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին, պիտի քննէ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները՝ աւելցնելով, թէ ան ունի որոշ գաղափարներ, որոնք կրնան համոզել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ընդդիմութեան հետ բանակցութեանց ճամբով տագնապը լուծելու:
Իր կարգին, Դամասկոսի մօտ Իրանի դեսպանը յայտարարեց, թէ Թեհրան պատրաստ է Սուրիոյ ազգային հաշտութեան հարցերով նախարարին եւ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահին հանդիպումը հիւրընկալելու, մինչ Սուրիական ընդդիմութիւնը կը պատրաստուէր Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարելու՝ քննարկելու համար Դամասկոսի հետ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթայի հետ քննարկած է Սուրիոյ տագնապին եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.