– Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը Փետրուար 13ին կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը Իսրայէլի համար նպաստաւոր է, որովհետեւ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի արագ տապալման նախատեսութիւնները չքացած են: Նուազած են նաեւ սուրիական բանակին կողմէ գրաւեալ Կոլանի վրայ անակնկալ յարձակումի մը մտավախութիւնները, որովհետեւ սուրիական բանակը իր կարողականութիւնը վերականգնելու համար երկար ժամանակի պիտի կարօտի:
– Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբը Փետրուար 12ին, միայն դեմոկրատ ծերակուտականներու քուէներով վաւերացուց Չաք Հէյկըլը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակելու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը, որ պէտք է վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ:
– Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ առաջին տարուան ուսանողներու 26 տոկոսը ինքզինք կաթողիկէ կը նկատէ, մինչ 25 տոկոսը կը յայտնէ, թէ որեւէ կրօնքի չի հետեւիր:
– Իրանի մէջ համալսարանական ուսանողներուն 56 տոկոսը իգական սեռի կը պատկանի, սակայն իրանեան իշխանութիւնները արտօնութիւն չեն տար, որ անոնք հետեւին 77 դասանիւթերու:
– Կը կարծուի, թէ մինչեւ 2030 թուական, ամերիկացիներուն աւելի քան կէսը արտակարգ գէր (օպիս) պիտի ըլլայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.