ԷՇՎԻԼ, Հիւսիսային Քարոլայնա, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 13ին, նախագահ Պարաք Օպամա եռօրեայ շրջապտոյտի մը նախաձեռնեց՝ մէկ օր առաջ Քոնկրեսին մէջ իր տուած տարեկան «Միութեան վիճակը» ելոյթին կէտերը աւելիով յստակացնելու նպատակով: Ան ինքնաշարժի կտորներ արտադրող ընկերութեան մը մէջ սկսելով այս արշաւին՝ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ տնտեսական վիճակը բարելաւելու իր ջանքը, որ իր ելոյթին գլխաւոր կէտերէն մէկն էր:
Օպամա շեշտեց, թէ կառավարութեան պարտականութիւնն է կարելի եղածին չափ մեծ թիւով քաղաքացիներու նեցուկ կանգնիլ՝ խոստանալով միջին դասակարգին կացութիւնը բարելաւելու նպատակով յատկանշական քայլերու դիմել: Ան նաեւ կոչ ըրաւ Քոնկրեսին, որ դաշնակցային նուազագոյն ժամականը բարձրացնէ 9 տոլարի՝ ներկայի 7.25 տոլարին փոխարէն, սակայն Քոնկրեսի հանրապետական ղեկավարութիւնը անմիջապէս դէմ դրաւ այս առաջարկին:
Կրթական մարզը բարելաւելու աշխատանքը տնտեսական աճին կապելով՝ Օպամա յայտարարեց, թէ պետութիւնը պէ՛տք է զարկ տայ կրթական մարզին՝ սկսելով նախամանկապարտէզը բոլոր քաղաքացիներուն տրամադրելի դարձնելու քայլով եւ հասնելով մինչեւ արդիական արհեստագիտութեան ծանօթ աշխատաւորներու պատրաստութեան:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Օպամա նաեւ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին Աֆղանիստան հաստատուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը կէսի պիտի հասնի, երբ մօտաւորապէս 34,000 զինուոր հեռանայ այնտեղէն: Ելոյթին ամենազգացական բաժինը նախագահին կոչն էր՝ զէնքեր կրելու իրաւասութիւնը սահմանափակելու նպատակով Քոնկրեսին մէջ քննարկումներ սկսելու կապակցութեամբ:
Օպամա նաեւ կոչ ըրաւ քոնկրեսականներուն, որ ազգային շահերը կուսակցական շահերէն առաջ դասելով՝ ամավարկին շուրջ ստեղծուած տագնապին լուծում մը գտնեն, որպէսզի կառավարութիւնը Փետրուար 28էն սկսեալ չգտնուի պետական ծախսերը դարձեալ կրճատելու պարտադրանքին տակ: Օպամա նաեւ յայտարարեց, թէ «Քայիտա»ի դէմ պայքարը պիտի շարունակուի, իսկ Սուրիոյ վարչակարգին վրայ ճնշում պիտի բանեցուի, միաժամանակ՝ «աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի ընդդիմութեան այն ղեկավարներուն, որոնք կը պաշտպանեն իւրաքանչիւր սուրիացի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.