ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ճատրակի ախոյեաններ եւ քանի մը այլ վարպետներ կը մասնակցին Այրոֆլոթ-Օփընին:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ հաղորդուած լուրերուն համաձայն, ողիմպիական ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանը, ճատրակի վարպետներ Զաւէն Անդրիասեանը, Յովհաննէս Դանիէլեանը, Տիգրան Քոթանջեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը, Արթուր Գաբրիէլեանը, Էլմիրա Սկրիպչենկօ-Աղաբաբեանը եւ խումբ մը այլ հայ ճատրակ խաղացողներ կը մասնակցին 12-17 Փետրուարին Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող Այրոֆլոթ-օփընին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.