ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Մարաշի աղէտի 93րդ տարելիցին առիթով, անոր նահատակներու հոգիներուն հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Կիրակի, Փետրուար 17ին, հետեւեալ եկեղեցիներուն մէջ՝ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ, Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական ու Փասատինայի Կիլիկիա Հայ աւետարանական:
Մարաշի հայրենակցական միութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ կայանալիք հոգեհանգստեան արարողութեանց կողքին, միութեան «Ասատուրեան» սրահին մէջ պիտի մատուցուի նաեւ հոգեճաշ, կ.ե. ժամը 1:30ին: Օրուան բանախօսն է դոկտ. Կարօ Մոմճեան եւ ընթացքին պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:
Միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 463 Martelo Ave, Pasadena, CA 91107:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.