
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Փետրուար 15ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, «Վելընթայնզ» տօնին առիթով, Պըրպենքի «Շողարթ» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ համերգ մը՝ մասնակցութեամբ Գոռ Մխիթարեանի եւ Արա Տապանճեանի:
Մասնակցութեան սակը 25 տոլար է, սակայն եթէ տեղերը նախօրօք ապահովուին www.itsmyseat.com կայքէն, ապա՝ 20 տոլար:
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1515 W. Magnolia Blvd., Burbank, CA, 91506: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.shoghartgalleryca.com կայքը: