
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան պաշտօնատարներ Հինգշաբթի, Փետրուար 14ին հաղորդեցին, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ վերակառուցման աշխատանքներու պատասխանատու Հասան Շաթերի «զինեալ ահաբեկչական խմբակի մը» անդամներուն կողմէ սպաննուած է Դամասկոսէն Լիբանան վերադառնալու ճամբուն վրայ:
Նոյն միջադէպին անդրադառնալով՝ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ զինեալ պայքար մղող խմբաւորում մը պնդած է, թէ Լիբանանի սահմանակից շրջաններու մէջ գտնուող Զապատանի շրջանին մէջ տեղի ունեցած յարձակումի մը զոհ գացած իրանցին՝ հրամանատար մըն էր Իրանի «Յեղափոխութեան պահապաններ»ուն, որոնք, ըստ ընդդիմութեան՝ զինուորական օժանդակութիւն կը տրամադրեն Սուրիոյ իշխանութիւններուն:
Յեղափոխութեան պահապաններու հրամանատարութիւնը անցեալին յայտարարած է, թէ Սուրիոյ իշխանութեանց ոչ զինուորական օժանդակութիւն կը տրամադրէ՝ դէմ դնելու համար ահբեկչական խմբաւորումներուն: Հրամանատարութիւնը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է զինուորապէս միջամտելու, եթէ օտար ուժեր միջամուխ ըլլան Սուրիոյ տագնապին:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան հարցերով պետական նախարար Ալի Հայտար յայտարարեց, թէ «սուրիական ներքին կամ արտաքին որեւէ ուժ, որ տագնապի լուծման համար երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ, ինքզինք ճիշդ ճամբու վրայ դրած կ՛ըլլայ»:
Հայտար սուրիական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուց, որ «ազգային երկխօսութեան ծրագիրին տէրը սուրիական կառավարութիւնն է»՝ նշելով, որ սուրիական կառավարութեան կամ քաղաքական ծրագիրի նախապատրաստական հանգրուանի գործադրութեան պարտականութիւնը ունեցող նախարարական աշխատանքային խմբակի սեղանին վրայ որեւէ նախաձեռնութիւն չէ դրուած, այլ գոյութիւն ունին լրատուամիջոցներու կողմէ արտայայտուած գաղափարներ:
Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քաթար որոշած է Տոհայի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան շէնքը փոխանցել ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին: Քաթարի մէջ դեսպան պիտի նշանակուի մարմինի ներկայացուցիչ Նիզար Հարաքին:
«Շէնքին վրայ պիտի բարձրացուի յեղափոխութեան դրօշը, երբ Հարաքին, եւ յաւելեալ երկու նոր աշխատակիցներ դիւանագիտական կարգավիճակ պիտի ստանան», ըսուած է Ազգային համաձայնական մարմինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին կարծիքով՝ Քաթարի այդ քայլը դրական նախադէպ պիտի դառնայ: «Քաթարը պիտի դառնայ առաջին պետութիւնը, որ Ազգային համաձայնական մարմինի իրաւական կարգավիճակը կը ճանչնայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ընդդիմադիր դիւանագէտները մտադիր են յառաջիկայ օրերուն զբաղիլ սուրիական սփիւռքի հարցերով՝ նախ եւ առաջ՝ անձնագիրներ տրամադրելով այն սուրիացիներուն, որոնք հայրենիք վերադառնալու կարելիութիւն չունին:
Նշենք, որ ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդած է, թէ Սուրիոյ նախկին վարչապետ Ռիատ Ֆարիտ Հիճապ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ Արաբական լիկայի եւ այլ միջազգային կառոյցներու մէջ Սուրիոյ պատկանող աթոռը ստանալ: Սակայն լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ աթոռը սուրիական ընդդիմութեան յանձնելը՝ «ներկայիս բացառուած է»: Ան նաեւ նշեց, որ լիկան պիտի չմասնակցի Գահիրէի մէջ սուրիական ընդդիմութեան գումարած ժողովին:
Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Գահիրէի մէջ ժողով մը կը գումարէ՝ քննարկելու համար սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:
Այս ծիրին մէջ «Ռաշա Թուտէյ»ը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարած է, թէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ եւ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մոազ Խաթիպ այս ամսուան վերջաւորութեան Ռուսիա պիտի այցելեն:
Իրան եւս պատրաստակամութիւն յայտնած էր հիւրընկալելու Սուրիոյ ազգային հաշտութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտարի եւ Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մոազ Խաթիպի հանդիպումը: