ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իմրալըի բանտ (ուր ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան) այցելութեան հարցը կը շարունակէ առատ մելան հոսեցնել Թուրքիոյ մամուլին մէջ։ Կ՛ըսուի, որ յառաջիկայ օրերը բախտորոշ վիճակ մը կրնան բերել բանակցութեանց նոր գործընթացին համար։
Մինչ Իմրալը այցելութիւնը կը ձգձգուի շարունակ, յայտնի է, որ դրան ետին բանակցութիւններ յառաջ կը տարուին։ Հաւանաբար իշխանութիւնները կը շարունակեն խօսիլ Օճալանի հետ, որ վերջերս դրական ազդանշաններ տուած է զէնքերը դադրեցնելու հարցով:
Ըստ Հինգշաբթի, Փետրուար 14ին հաղորդուած լուրերուն՝ Իմրալը պիտի այցելեն նախ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնեաներ, ապա՝ Օճալանի ընտանիքը (հաւանաբար եղբայրը), իսկ անկէ ետք՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատուիրակութիւնը։ Այս վերջին պատուիրակութեան կազմը կը շարունակէ քննուիլ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որոնք նմանապէս մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն Օճալանի հետ այս տեսակցութեանց, կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ Օճալանի հետ կնքուած որեւէ համաձայնութիւն պիտի ընդունուի՞ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միւս ղեկավարներուն կողմէ, թէ ոչ։ Այս մասին դրական պատգամներ ստացուած կը թուին ըլլալ: Օրինակի համար, Եւրոպայի մէջ կուսակցութեան պատասխանատու Զիւպէյիր Այտար, իսկ Հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ ղեկավար Քարայըլան հաղորդած են, թէ իրենք պիտի ընդունին Օճալանի որոշումը։
Միւս կողմէ՝ կառավարութիւնը դատական համակարգի նոր որոշումներով յոյս ներշնչեց, թէ հազարաւոր քիւրտ բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին։
Կը պնդուի, թէ Օճալան եւ թուրք պաշտօնատարներ քննարկած են ճամբու քարտէս մը, որուն վերջնական արդիւնքը պիտի ըլլայ ապահովել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ամբողջական զինաթափումը, իսկ անոր անդամներուն առիթ պիտի տրուի միանալու երկրի բնակչութեան կամ բոլորովին հեռանալու Թուրքիոյ սահմաններէն:
Քրտամէտ կուսակցութեան փափաքն է, որ Իմրալը այցելող պատուիրակութեան մէջ գտնուի երեսփոխան Ահմետ Թիւրքը, բայց կ՛ըսուի, թէ պետութիւնը հաշտ աչքով չի նայիր Թիւրքին։ Կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ ինք «տրամաբանական ցանկ մը» պատրաստած է, բայց եթէ նոյնիսկ այդ ցանկը չընդունուի՝ հարց պիտի չծագի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.