ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Դրամը կրնայ օժանդակել լուծելու որոշ խնդիրներ, սակայն՝ ոչ բոլորը: Երբեմն անիկա կրնայ ունենալ հակառակ ազդեցութիւն:
Ատրպէյճանը հրաշալի օրինակ է վիթխարի հարստութիւն դիզած երկիրի մը, որ իր քարիւղի միլիառաւոր տոլարները կ՛օգտագործէ օտար քաղաքական գործիչները եւ զանազան ասպարէզներու մարդիկ կաշառելու՝ փորձելով բարելաւել իր վատ համբաւը ամբողջ աշխարհի մէջ: Խորքին մէջ «խաւիարի դիւանագիտութիւն» եզրը յատուկ յօրինուած է բնութագրելու համար այն «բարիքները», որոնք ատրպէյճանի պաշտօնատարները կանոնաւորապէս եւ առատաձեռնօրէն կը բաժնեն՝ հասնելու համար իրենց լիրբ նպատակներուն:
Օրինակ՝ Պաքուն հինգ միլիոն տոլար յատկացուց Մեքսիքօ քաղաքի զբօսայգին վերանորոգելու համար, միայն մէկ պայմանով, որ Հայտար Ալիեւի արձանը տեղադրուի այդ նշանաւոր վայրին մէջ: Սակայն, երբ մեքսիքացի գործիչները իմացան այս անվայել համաձայնութեան առկայութեան մասին, բռնակալին արձանը կազմաքանդուեցաւ եւ առանց ձեւականութիւններու շպրտուեցաւ պահեստանոց:
Ատրպէյճանի պաշտօնատարները հետզհետէ կը բացայայտեն, որ կարելի չէ բոլորը գնել, եւ այս աշխարհին վրայ տակաւին կան շատ պատուարժան մարդիկ, զորս կարելի չէ կաշառել։ Այդ մարդոցմէ մէկն ալ Փեթըր Սաւոտնիքն է՝ անբասիր ազնուութեան տէր անձնաւորութիւն մը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթէն: Այս ամսուան սկիզբը ատրպէյճանցի միլիառատէր Իպրահիմ Իպրահիմովը ամերիկացի լրագրողը հրաւիրած էր Պաքու, որպէսզի «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ գովասանքի խօսքեր գրեր իր շինարարական ընդարձակ ծրագիրին մասին:
Երբեք չտպաւորուելով նորահարուստ ատրպէյճանցի մեծահարուստին շռայլութիւններէն, Սաւոտնիք գրած էր կործանարար յօդուած մը՝ ծաղրելով Իպրահիմովին անհեթեթ պատրանքը: Ստորեւ՝ համառօտ հատուածներ թղթակիցին ծաւալուն յօդուածէն.
Իպրահիմովը կը նախատեսէ «խեցգետինի տեսք ունեցող լայնատարած շինութիւն մը կառուցել Կասպից ծովուն մէջ՝ «Khazar Islands» անունով, որ պիտի բաղկանայ արհեստական 55 կղզիներէ՝ հազարաւոր բնակարաններ, առնուազն ութ պանդոկ, «Ֆորմուլա 1»ի վազքուղի, զբօսանաւերու ակումբ, օդակայան եւ աշխարհի բարձրագոյն «Ատրպէյճանի աշտարակ» շէնք, որուն բարձրութիւնը պիտի կազմէ 1050 մեթր: Երբ ամբողջ համալիրը կառուցուի… 800 հազար հոգի պիտի ապրի «Khazar Islands»ի մէջ, այնտեղ նաեւ պիտի ըլլան պանդոկներու սենեակներ՝ միւս 200 հազարին համար … Անիկա պիտի արժէ մօտ 100 միլիառ տոլար»:
Սաւոտնիք կը յայտնէ, որ Պաքու հասնելէն մէկ օր առաջ Իպրահիմովին ներկայացուցիչը գացած էր Մոսկուա, որպէսզի անձամբ իրեն յանձնէ «Khazar Islands» նախագիծին մասին գիրք եւ «Տի.Վի.Տի.»: Պաքուի մէջ լրագրողը ապշած էր մեծահարուստին շռայլ ապրելակերպէն. «Այնպէս բազմած էր սեւ «Ռոլս Ռոյս»ի ետեւի նստարանին, կարծես անիկա կը սլանար կառուցուելիք կղզեխումբի թիւ մէկ կղզիին վրայէն: Անոր 23ամեայ օգնական Նիկեար Հուսէյնլին նստած էր առջեւը, սեւ-սպիտակ ծաղկանախշերով կիսաշրջազգեստով, սեւ գուլպաներով եւ սեւ ուղղանկիւնաձեւ ակնոցով: Կը թուէր, որ ան անընդհատ անհասկնալիօրէն մտահոգուած էր: Ան օգտագործած էր չափէն շատ օծանելիք, որ, ինչպէս ինքը ըսաւ, բերուած էր Իտալիայէն: «Երբ պարոն Իպրահիմովը Ազրպէյճանի մէջ է,- ըսաւ Հուսէյնլին,- ան միշտ կը վարէ իր սեւ «Ռոլս Ռոյս»ը: Իսկ Տուպայի մէջ ան ունի ուրիշ կարմիր ինքնաշարժ մը»:
Ցուցադրելով կոկորդիլոսի կաշիէ «Սթեֆանօ Ռիչի» մակնիշի կապոյտ կօշիկները, որոնք կը համապատասխանէին անոր «Սթեֆանօ Ռիչի» կապոյտ ճինզին, «զիլլի» կապոյտ վերարկուին եւ «զիլլի» կապոյտ վերնաշապիկին»՝ Իպրահիմովը Սաւոտնիքին ըսած է, որ «Ատրպէյճանի աշտարակը» անկասկած պիտի յայտնուի «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Իպրահիմով ըսած է, որ եթէ Սէուտական Արաբիան կամ Արաբական Էմիրութիւնները, կամ ոեւէ մէկը, որեւէ այլ վայրի մէջ փորձէ աւելի մեծ շէնք կառուցել, ան ալ աւելի մեծը պիտի կառուցէ:
Սաւոտնիք կը գրէ, որ ատրպէյճանցի մեծահարուստը Իլհամ Ալիեւը բնութագրեց իբրեւ «շեֆերու շեֆ», «մեծ պաշտպան, աջակից եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի փրկիչի որդի»: Երբ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին թղթակիցը Իպրահիմովին հարցուց «Ալիեւի վարչակարգի այլ յատկանիշներու՝ թափանցիկութեան, քաղաքացիական ազատութիւններու բացակայութեան եւ ընդդիմութեան գործիչներու կալանաւորման մասին», ան տուաւ բոլոր մեծահարուստներուն յատկանշական պատասխանը. «Ես քաղաքականութեան մասին ոչինչ գիտեմ»:
Ամերիկացի լրագրողը իր յօդուածին մէջ անարգանքի խօսքեր գրած էր ոչ միայն Իպրահիմովին, այլ նաեւ անոր երկիրին մասին. Ատրպէյճանը «չի կառուցեր այն, ինչ ամբողջ աշխարհին պէտք է եւ չունի համաշխարհային ճանաչում ունեցող համալսարաններ: Սակայն անիկա ունի քարիւղ»: Իր երկրորդ յօդուածին մէջ Սաւոտնիք կ՛եզրափակէ. «Բոլոր ապակիներու, պողպատի եւ նէոնային լոյսերու տակ, անիկա (Ատրպէյճանը) կը շարունակէ մնալ իբրեւ բռնատիրական երկիր»:
Առաջին անգամ չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը հրապարակէ Ազրպէյճանը մերկացնող յօդուած: 27 Հոկտեմբեր 2003ին թերթը իր խմբագրականին մէջ գրած էր. «Գործարար, «փլէյպոյ» եւ նորելուկ քաղաքական գործիչ Իլհամ Ալիեւը գեղեցիկ նուէր ստացաւ իր հօրմէն՝ Ատրպէյճան երկիրը: Հայտար Ալիեւը մնայուն կերպով համարեայ 34 տարի ղեկավարած էր Ատրպէյճանը, սկիզբը իբրեւ Խորհրդային Միութեան Քաղաքական Բիւրոյի անդամ, այնուհետեւ իբրեւ բռնակալ: Երբ խիստ հիւանդութեան պատճառով ան այլեւս չէր կրնար շարունակել, ան օծեց իր որդին՝ իր փոխարէն նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու համար: Իլհամ Ալիեւը օգտագործելով պետութեան բոլոր լիազօրութիւնները՝ ծաւալեց կեղծիքներով լի քարոզարշաւ, իսկ այնուհետեւ տօնեց իր յաղթանակը՝ ձերբակալելով ընդդիմութեան մեծ մասը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը եզրափակած էր իր շատ քննադատական խմբագրականը՝ յորդորելով Միացեալ Նահանգները «հեռաւորութիւն պահելու նախագահ Ալիեւէն եւ խուսափելու քարիւղային հարստութիւններու վրայ բազմած բռնակալներուն աջակցելու անյաջող պատմութեան կրկնութենէն»: Ցաւօք, այս նախազգուշացումը անուշադրութեան մատնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու իրարու յաջորդող վարչակազմերուն կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը