«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Հեռուստամարաթոն 2012ի ծիրին մէջ հաւաքուած գումարներով կը ծրագրէ նպաստել սուրիահայութեան աջակցելու ծրագիրներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղեկատուականը:
Իբրեւ Հալէպի հայկական դպրոցներու ուսուցիչներու աշխատավարձեր արդէն իսկ յատկացուած գումարներուն (100 հազար տոլար Լիբանանի ռատիոթոն) եւ (50 հազար եւրօ Ֆրանսայի հեռախօսամարաթոն), յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին Հիմնադրամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով յաւելեալ 200 հազար տոլար պիտի փոխանցէ երկու հանգրուանով՝ նպատակ ունենալով մեր սուրիահայ հայրենակիցներու խնդիրներու լուծումը:
Ինչ կը վերաբերի հայաստանեան երկու տասնեակէ աւելի համալսարաններուն մէջ ուսանող սուրիահայ ուսանողներու ուսման տարեկան թոշակներու փոխհատուցման, որ կը կատարուի համաձայն Սփիւռքի նախարարութեան տրամադրած ցանկին եւ ուսումնական հաստատութիւններէն ստացուած տեղեկութիւններուն, ծրագիրին պիտի յատկացուի յաւելեալ 10 միլիոն 800,000 դրամ:
Յիշեցնենք, որ նախորդ ամիսներուն ընթացքին այս նպատակով յատկացուած է 17 միլիոն 177,000 դրամ, եւ ծրագիրը ունեցած է 69 օգտուող:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.