ՓՐԱԿ.- Հակազդելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ տեղադրուած այն լուրին, թէ Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վաւերացուցած է բանաձեւ մը, ուր կը դատապարտուի «Խոջալուի մէջ հայերու իրականացուցած ցեղասպանութիւնը»՝ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նման բանաձեւ մը վաւերացնելու աշխատանքին չէ մասնակցած: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «կատարուած է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մը, որ դատապարտուած է շարք մը պետութիւններու կառավարութիւններուն կողմէ»:
Չեխիոյ նախարարութեան կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Չեխիա «չէ փոխած իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ: Չեխիոյ հանրապետութիւնը կը սատարէ միջազգային հանրութեան, ներառեալ՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ջանքերուն՝ ուղղուած տագնապի խաղաղ լուծման, եւ կը շարունակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ բարեկամական ու փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ պահպանելու քաղաքականութիւնը»: Կը նշուի նաեւ, որ նախարարութեան համար տհաճ անակնկալ էր, որ բանաձեւին վաւերացման լուրը յայտնուած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ՝ նախքան Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ հրապարակուիլը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.