
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ «Ուղղափառ հանդիպում»ին կողմէ այդ անունով կոչուող ընտրական օրինագիծի մշակումին պատճառը՝ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան եւ հաւասարակշռութեան խախտումն էր:
Բագրատունի շեշտեց, որ իսկական հաւասարութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ ազգային միասնականութիւնն ու գործակցութիւնը: «Տարիներու կուտակումները, իրաւազրկումն ու անարդարութիւնը պատճառ են «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական այս օրինագիծին», ըսաւ ան: Ան զարմանք չյայտնեց «Մուսթաքպալ» խմբակցութեան կողմէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու որոշումին նկատմամբ ընդվզումին առումով, եւ աւելցուց, որ եթէ կան լիբանանեան քաղաքական կողմեր, որոնք այս օրինագիծը իրաւազրկում կը նկատեն, «ապա՝ անոնք պէտք է իմանան, որ 23 տարիէ ի վեր մենք իրաւազրկուած ենք եւ անոր գինը սուղ վճարած: Սակայն, ի վերջոյ, Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնը միայն քրիստոնեայ համայնքի զիջումներէն պէտք չէ կախեալ ըլլայ»:
Բագրատունի ընդունեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին այս օրինագիծին վաւերացումը բաւական բարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ արձանագրուած փոփոխութիւնը մեծ է եւ ո՛վ որ ինքզինք իրաւազրկուած եւ վնասուած կը նկատէ, բուռն կերպով պիտի ընդդիմանայ: «Կը հաւատամ, որ միջքրիստոնէական առումով՝ նուաճում մը արձանագրուած է», եզրափակեց Բագրատունի: