
»Արքայական Օփերա«ն հրճուանքով կը յայտարարէ, որ հինգ երգիչներ՝ ընտրուած յիսուն երկիրներու 365 թեկնածուներէն, պիտի մասնակցին Ճեթ Փարքըրի անուան Երիտասարդ Արուեստագէտներու ծրագիրին, Սեպտեմբեր 2013էն սկսեալ։
Ընտրուած հինգ երգիչներն են՝ Հայաստանէն՝ սոփրանօ Անոյշ Յոհաննիսեան, Աւստրալիայէն՝ սոփրանօ Քիանտրա Հա-ուըրթ, Ռուսիայէն՝ մեցոսոփրանոյ Նատեժտայ Քարիազինա, Իրլանտայէն՝ մեցոսփրանօ Ռէյչըլ Քելլի, Փորթուկալէն՝ թենոր Լուիզ Կոմեզ:
Ճեք Փարքըր ծրագիրի նպատակն է զարկ տալ երիտասարդ երգիչներու, խմբավարներու եւ բեմադրիչներու մասնագիտութեան։ Երիտասարդ Արուեստագէտները իրենց ասպարէզի սեմին գտնուող միջազգային փրոֆեսիոնալ արուեստագէտներ են, որոնք արդէն հարկ եղած փորձառութիւնը ձեռք ձգած են համապատասխան մասնագէտ ընկերութիւններու հետ աշխատելով։ Անոնք ուսանողներ չեն, այլ Արքայական Օփերային հետ երկու տարուան պայմանագիր ստորագրած՝ մսականաւոր պաշտօնեաներ։
Անոյշ Յովհաննիսեան իր երաժշտական ուսման սկսած է վեց տարեկանին՝ որպէս ջութակի ուսանողուհի, Ալ. Խպեթիարեանի անուան դպրոցէն ներս։
Դեռ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի ուսանողուհի, Անոյշ յաճախ ելոյթ ունեցած է Երեւանի Ստիւտիոյի եւ Հայաստանի Պետական Օփերային թատրոնին հետ։ Որպէս մենակատար, ան մասնակցած է նաեւ »Տաղարան« անսամպլին, Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Համահայկական Երեխաներու Նուագախումբի համերգներուն։
Աւարտելէ ետք Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցը, Անոյշ Յովհաննիսեան ընդունուած է Սկովտիոյ Արքայական երաժշտանոցի Ալեքսանտր Կիպսընի անուան դպրոցը, դասատու ունենալով Փաթրսիա Հէյը։