
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ատրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, Սպիտակ տան համացանցային կայքի «We the People» բաժինին միջոցաւ կատարուած եւ Խոջալուի իրադարձութիւններուն ու Արցախի հարցով Հայաստանի դիրքորոշման դատապարտումը պահանջող հակահայ խնդրագիրը Միացեալ Նահանգներու նախագահէն պատասխանի մը պիտի չարժանանայ. այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Արդարեւ, այս դիմումին պատասխանելով՝ Սպիտակ տունը յայտարարած է, թէ նախագահ Պարաք Օպամա այս մասին յայտարարութիւն մը պիտի չկատարէ՝ աւելցնելով. «Սպիտակ տունը խորապէս կը ցաւի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատերազմին ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ռազմական լուծում չունի եւ միայն խաղաղ լուծում մը պիտի կարենայ կայունութիւն եւ բարգաւաճում ապահովել շրջանին: Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հակամարտութեան կողմերուն հետ իր աշխատանքը, խաղաղութեան հասնելու նպատակով»:
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ հակադարձած է Ատրպէյճանի ապատեղեկատուական նորագոյն արշաւին՝ կոչ ընելով Սպիտակ տան, որ հետապնդէ շատ կարճ ժամանակի մէջ աւելի քան 100,000 ստորագրութիւն հաւաքած խնդրագիրը՝ պնդելով, թէ քաղաքացիական նախաձեռնութեանց վերապահուած այս սպասարկութեան ետին կանգնած են Պաքուի իշխանութիւնները:
«Ամերիկեան խաղաղութեան պատգամը ողջունելի է, յատկապէս՝ Պաքուի կողմէ շարունակուող սպառնալիքներուն եւ 21ամեայ Գոռ Ղազարեանի սպանութեան լոյսին տակ, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, ատրպէյճանցի արձակազէնի մը արձակած փամփուշտով: Սակայն, նման կոչեր պէտք չէ կատարուին պարզապէս՝ իբրեւ հակադարձութիւն Ալիեւի մենատիրական իշխանութեան հրահրումին կամ մենատէրի մը կողմէ ամերիկեան ժողովրդավարական կարգերը շահագործելու փորձին», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան: