– Մարտ 1ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ղեկավարութիւնը ձախողեցան համաձայնութիւն մը գոյացնել պետական ծախսերը կրճատելու հարցին շուրջ, որուն հետեւանքով՝ այդ օրէն սկսեալ ու մինչեւ Հոկտեմբեր 1, պետական բոլոր սպասարկութիւններէն մօտաւորապէս 85 միլիառ տոլար պարտադիր կրճատումներ պիտի կատարուին, եթէ այլ միջոցներու չդիմուի:
– Փետրուար 28ին, ատրպէյճանական բանակի զինուոր մը եւս անձնասպանութեան դիմած է՝ բանակային զէնքի մը միջոցով: 23ամեայ զինուորը պարտադիր ծառայութիւնը պիտի աւարտէր այս տարուան Ապրիլին:
– Իսրայէլ, ՄԱԿ եւ Ուաշինկթըն դատապարտեցին սիոնականութիւնը «մարդկութեան դէմ ոճիր» նկատող Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.