ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւան-Վան առաջին օդանաւային թռիչքը պիտի կատարուի 3 Ապրիլին՝ «Նարեկավանք տուր» ընկերութեան կողմէ եւ թրքական «Փորա ճեթ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող եւրոպական արտադրութեան օդանաւերով: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Նարեկավանք տուր» զբօսաշրջական գործակալութեան տնօրէն Աշոտ Սողոմոնեան նշած է, որ թէ՛ սփիւռքահայերու եւ թէ՛ տեղացիներու կողմէ բաւական մեծ պահանջ կայ օդանաւով դէպի Վան ուղղուելու: «Մենք արդէն երեք տարի է աշխատում էինք այս ուղղութեամբ եւ վերջապէս հասանք նրան, որ այն մարդիկ, ովքեր միկրօաւտոբուսներով դժուարանում են երթեւեկել, այժմ կ՛երթեւեկեն 68 տեղանոց ինքնաթիռներով», յայտնած է ան:
Սողոմոնեանի համաձայն, Երեւան-Վան առաջին թռիչքին տոմսերը պիտի սկսին վաճառուելու յառաջիկայ շաբաթ եւ պիտի արժեն 250 տոլար: «Սկզբի առաջին-մէկ երկու ամիսների ընթացքում տոմսերը կը վաճառենք 20 տոկոս զեղչով՝ 200 դոլարի համարժէք դրամով», դիտել տուած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.