ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստան այս օրերուն կ՛ապրի իր ազգային–ազատագրական եւ ժողովրդային–ժողովրդավարական 25ամեայ զարթօնքին կարեւորագոյն պահերէն մէկը՝ ազատ հասարակութեան քաղաքացիական ինքնահաստատման վճռորոշ փուլը։
Միայն Հայաստանի նախագահական հերթական ընտրութեան եւ անոր բնորոշ ժողովրդային կամքի հերթական ոտնակոխման դէմ ուղղուած չէ Փետրուար 18էն ի վեր Հայաստանի մէջ շարունակուող բողոքի շարժման զանգուածային ալիքը։
Համաժողովրդային բողոքը ուղղուած է վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած եւ արդէն արմատաւորուած պետական կառավարման այժմու արատաւոր համակարգին դէմ։
Խօսքը կը վերաբերի ստուերային եւ յանցագործ ուժերու հետ «սերտաճած» պետական իշխանութեան ներկայ չարիքը Հայաստանի ու հայութեան վզին փաթթած քաղաքական համակարգին, որ ոչ միայն վարկաբեկած է իրաւական պետութեան եւ օրինական իշխանութեան հիմնական արժէքները, այլեւ՝ նոյնացուցած է պետութիւնն ու իշխող քաղաքական ուժը։ Այսինքն՝ պետականութիւնը «սեփականաշնորհած» է իշխանաւորին։ Խորթացում առաջացուցած է անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն կազմող պետութեան ու հասարակութեան միջեւ։ Եւ իբրեւ չարեաց պսակում՝ սեփական ժողովուրդը զրկած է ազատ ու արդար քուէարկութիւններու միջոցաւ իշխանութիւն ընտրելու տարրական, այլեւ անբռնաբարելի՛ իրաւունքէն։
Հայաստանի վերանկախացումին հետեւած 22 տարիներուն ընթացքին, համապետական իւրաքանչիւր՝ նախագահական թէ խորհրդարանական ընտրութեան առիթով, մեր ժողովուրդը հոգեմաշ եւ ուժասպառ կը դառնայ՝ տեսնելով իր քաղաքական կամքին եւ ժողովրդավարական քուէին նկատմամբ իշխանաւոր ուժին դրսեւորած արհամարհանքը։
Մեր ժողովուրդին մեծաթիւ մէկ մասը արդէն յոգնած է կրկին ու կրկին անգամ բողոքելէ, որ ամէն ընտրութեան իր քուէն տուաւ մէկուն, բայց քուէատուփերու մէջէն հանուած քուէները գացին… ուրիշին։ Կարծէք այդքանը չէր բաւեր, օտար դէտերն ու մեծապետական ուժերն ալ յանկերգի պէս ամէն ընտրութենէ ետք հեգնեցին, թէ Հայաստան ունեցաւ «ազատ, բայց ոչ արդար» ընտրութիւններ…
Հեգնեցի՛ն, որովհետեւ իրենց կողմէ ալ անարդար հռչակուած այդ բոլոր ընտրութեանց ի վերջոյ իրենց «օրհնութին»ը շնորհեցին՝ անշուշտ կանխիկ գանձելով գինը իրենց պիղատոսեան վարքագծին ու ձեռնթափութեան։ Այդպէ՛ս, անարդար «ընտրութեամբ» ձեւաւորուած հայրենի իւրաքանչիւր իշխանութիւն, այս կամ այն չափով, պարտաւորուեցաւ կատարելու իր «օրինականութեան» ճանաչում շնորհած ուժերուն «առաջադրած» քաղաքական պատուէրները։
Հետեւաբար, արդէն 2013 թուականին, աչք ունեցողը անպայման պիտի տեսնէր եւ ականջ ունեցողը վստահաբար պիտի լսէր, թէ Փետրուար 18ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը իրա՛ւ ընտրութիւն չէր եւ չէր ալ կրնար ըլլալ։
Լաւագոյն պարագային արեւմտեան ոճով ու չափանիշներով ազատ քուէարկութեանց նմանակումը կրնար ըլլալ – այլապէս պետութեան կողմէ արդէն իսկ կանխորոշուած – այս նախագահական «ընտրութիւն»ը։ Մանաւանդ որ յիշողութեանց մէջ տակաւին թարմ էր օրինակը Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց, երբ պետութեան ամբողջ ներուժը գործածուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ՝ իր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան աննախընթաց յաղթանակ մը պարգեւելու համար…
Աւելի՛ն. Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութիւնը ամբողջապէս պարպուեցաւ իր իմաստէն, երբ գործող նախագահին թեկնածութեան դէմ դիրքորոշուեցան քաղաքական բոլոր գլխաւոր ուժերը – գործող կառավարական համախմբումին մաս կազմող եւ Ազգային ժողովի երկրորդ մեծաթիւ խմբակցութիւնը ունեցող Բարգաւաճ Հայաստանէն մինչեւ «կարծր ընդդիմադիր» հռչակուած Հայ Ազգային Կոնգրեսը, 2009ին ընդդիմադիր դաշտ վերադարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի գլխաւորած «Ժառանգութիւն»ը։
Հանրապետական կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարին նախագահական թեկնածու առաջադրութեան դէմ դիրքորոշուած նոյն այդ ուժերը, սակայն, բաւական երկար բանակցութիւններէ ետք, ի վերջոյ չկրցան համաձայնիլ եւ համախմբուիլ քաղաքական ընդհանուր ծրագրի մը ու համապատասխան միասնական թեկնածուի շուրջ։ Հետեւանքը եղաւ այն, որ Բարգաւաճ Հայաստանը եւ Դաշնակցութիւնը որոշեցին սեփական թեկնածու չառաջադրել Փետրուար 18ին պետութեան կողմէ կանխորոշուած «ընտրութեան»։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան չուզեց իր թեկնածութիւնը դնել եւ ՀԱԿի ճակատէն թեկնածու առաջադրուեցաւ նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեան։ Դաշնակցութիւնը իր ընտրազանգուածին կոչ ուղղեց անպայման մասնակցիլ քուէարկութեանց, բայց քուէ չտալ գործող նախագահին, այլ քուէարկել յօգուտ մրցակից թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն, ի հարկին անվաւեր քուէ տալով։ Իսկ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը իր նախագահը՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը առաջադրեց նախագահական թեկնածու, որ ընտրապայքարը մղեց ընդդիմադրութեան հիմնական առաջադրանքներուն տէր կանգնող քարոզարշաւով։
Դէմ յանդիման այս զարգացումներուն, գործող իշխանութիւնը փաստօրէն հանգիստ շունչ քաշեց եւ սկսաւ ձեռքերը գոհունակութեամբ շփել՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեայ պատմութեան «ամէնէն ազատ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւնը կազմակերպելու» խոստումներ շռայլելով աջ ու ձախ։ Աւելի՛ն. իշխանութիւնը գինովցաւ այն աստիճան, որ սկսաւ ինք ալ հաւատալ իր խոստումներուն եւ կարիքը չզգաց պետական պատուէրի պարտադրման իր զինանոցը մինչեւ ծայր գործածելու սեփական ժողովուրդի կամքին դէմ՝ գործող նախագահին վերընտրութիւնը ամէն գնով ապահովելու համար։
Ուշագրաւ է, որ գործող նախագահին վերընտրութեան առջեւ կանաչ լոյս բացած մեծապետական ուժերը իրենք եւս, իւրացնելով իշխանութեանց գինովութիւնն ու խանդավառութիւնը, չսպասեցին նոյնիսկ քուէարկութեանց օրուան եւ սկսան դրուատել եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւն կազմակերպելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի «վճռակամութիւն»ը։
Թէեւ արտասահմանեան դիտորդական առաքելութիւններէն ոմանք, հետեւելով այսօրինակ հակաժողովրդավարական խմորումներուն, օրին իսկ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերուն թեկնածու չառաջադրելու քայլը լրջօրէն հարցականի տակ կ՛առնէր «ընտրութեան» ժողովրդավարական վարկը, այսուհանդերձ՝ Հայաստանին ու հայութեան վերեւներէն նայող ուժերուն համոզումով «երգը երգուած էր» արդէն.– Ընտրութիւնը պէտք է կայանար եւ Սերժ Սարգսեանը պէտք է վերընտրուէր… նախագահ։
Ընդդիմադրութիւնը անշուշտ տեղի չտուաւ՝ ի լուր ներսէն թէ դուրսէն բարձրացող նախագահի վերընտրութեան այդ շինծու երգին վհատեցնող յանկերգին։ Իսկ ժողովուրդին ուղղուած սեփական քուէին տէր կանգնելու ընդդիմադրութեան միասնական կոչերուն՝ արժանաւորապէս դրօշակիր կանգնեցաւ նախագահական թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան։
Հակառակ պետական քարոզչութեան վարչամեքենային կողմէ իր հասցէին «թեթեւ ժպիտով» հնչող «արեւմտեան ոճով ընտրապայքար» մղելու սլաքներուն։ Րաֆֆի Յովհաննիսեան հաւատա՛ց մեր ժողովուրդին վճռականութեան եւ իջաւ փողոց, գնաց քաղաքացիներուն մօտ, անձամբ խրախուսելու համար քուէարկողները, որ տէր կանգնին իրենց քուէին։
Այդպէ՛ս Հայաստանն ու հայութիւնը ունեցան քսանամեայ մեր անկախութեան այն եզակի համապետական քուէարկութիւնը, որուն ընթացքին պետութիւնը իւրացուցած իշխանաւոր քաղաքական ուժին եւ անոր վարչարարական մեքենայութիւններուն դէմ՝ մեր ժողովուրդը կրցաւ յաղթահարել հետեւողական իր «պարտութիւններուն» առթած հիասթափութիւնը։
Ընտրազանգուածը իր վստահութեան քուէով գտաւ ընդդիմադրութեան իր միասնական թեկնածուն։ Վճռականօրէն զօրակցեցաւ իր գտած թեկնածուին, անոր վրայ կեդրոնացուց այս համակարգը մերժող քաղաքացիներուն աւելի քան կէս միլիոնին քուէները եւ, այդպէ՛ս, փճացուց սեփական պետութիւնը անօրինաբար իւրացուցած իշխանութեանց նախագահական թեկնածուին այնքան խնամքով պատրաստած «յաղթանակին» բերկրանքը։
Փետրուար 18ի քուէարկութիւնները ահա այսպէ՛ս գլխիվայր շրջեցին 2013ի նախագահական ընտրութեան կանխորոշուած բեմագրութիւնը։
Եւ ճիշդ ա՛յս իմաստով ճշմարտութեան բաց աչքերով չեն ուզեր նայիլ բոլոր անոնք, որոնք սոսկ հերթական ընտրութիւն մը կ՛ուզեն տեսնել Փետրուար 18ի Երեւոյթին մէջ՝ անտեսելով սեփական պետութեան եւ անոր անկախութեան ու ազատութեան իրաւատէր կանգնելու մեր ժողովուրդին յաղթանակած կամքը։
Աւելի՛ն. սեփական ժողովուրդին հանդէպ միայն արհամարհանք կը դրսեւորեն բոլոր անոնք, որոնք Փետրուար 18ին հետեւած համաժողովրդային բողոքի շարժումը կ՛ուզեն նուազեցնել, նսեմացնել եւ վերագրել սոսկ յետ–ընտրական հերթական «խռովարարութեան», ուր ընտրական պարտութիւն կրած կողմը միշտ ալ չէ ուզած ընդունիլ իր պարտութիւնը։
Միայն կոյր ձեւացողը եւ աչքերը փակ պահողը պիտի չուզէ տեսնել, որ Փետրուար 18ին տեղի չունեցաւ քաղաքական երկու կամ երկուքէ աւելի ուժերու միջեւ ընտրապայքար։ Նոյնիսկ ընտրապայքար տեղի չունեցաւ։ Այլ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ըմբոստացում մը, ժողովրդավարական պայքարի ճամբով ու քաղաքացիական քուէներով, ընդդէմ պետական ամբողջ ներուժը իր թեկնածուի նախագահ վերընտրութեան օգտին շարժման մէջ դրած այս իշխանութեան։
Յետոյ ի՞նչ։
Յետոյ ա՛յն, որ սեփական ժողովուրդին վստահութեան քուէէն զրկուած այս իշխանութիւնը, իր գահին եւ աթոռներուն բազմած, պիտի սպասէ՝ յուսալով, որ ի վերջոյ պիտի յոգնի ժողովուրդը եւ, մինչեւ նախագահական երդման արարողութիւն, համաժողովրդային բողոքի շարժումը աստիճանաբար պիտի մարի։
Ձեռնածալ նստած սպասելու պատրաստ չէ, անշուշտ, պետութեան ղեկը ակռաներով սեղմած այս իշխանութիւնը, որուն հեռացումը կը նշանակէ նաեւ ու մանաւանդ մենաշնորհներու ամբողջ համակարգի մը եւ առանձնաշնորհեալներու խաւի մը իշխանութենէ հեռացումը։
Սպասելով ժողովրդային բողոքի շարժման բնականոն մարելուն՝ «վերընտրուած» նախագահը իր փորձուած ոճով պիտի տենդագին աշխատի, որպէսզի կարենայ իշխանութեան բաժնեկից դառնալու խայծերով գայթակղութեան մղել բողոքի շարժման գլուխը անցած ընդդիմադիր ուժերն ու գործիչները։
Յատկապէս Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ուղղութեամբ պիտի կեդրոնանայ իշխանութեան այդօրինակ ճնշումը, որպէսզի հիասթափութեան նոր ալիքի մը մէջ խեղդուի համաժողովրդային բողոքի ալիքը։
Որպէսզի մեր ժողովուրդին մէջ տապարի հարուածով փշրուի սեփական քուէին հաւատալու եւ, այդ ճամբով, իր վստահութեան արժանի գործիչը պետական իշխանութեան ղեկին հասցնելու ինքնավստահութիւնը։
Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր համաժողովրդային բողոքի ալիքը կը դիմադրէ այդօրինակ փորձութեանց։ Նաեւ ի վիճակի է առաւել թափ ստանալու, եթէ սփիւռքի տարածքին եւս տարածէ իր ինքնավստահութեան շունչը։
Ժողովրդային բողոքի շարժումները ժողովրդավարական, օրինապահ եւ խաղաղ պայքարի տարբեր ուղի չունին։
Առանց համաժողովրդային լայն ծաւալի եւ նպատակասլաց վճռականութեան, ժողովրդավարական պայքարը ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է ընկրկումի։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ