
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմըրթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Գերմանիա բարեկամական խումբի, արտաքին յարաբերութիւններու եւ եւրահամարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովներու անդամներուն հետ: Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ողջունելով խորհրդարանական պատուիրակութեան Հայաստան տուած այցելութիւնը՝ Ազգային ժողովի Հայաստան-Գերմանիա բարեկամական խումբի ղեկավար Արտակ Դաւթեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ ու գերմանացի ժողովուրդին՝ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած համակողմանի աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար: Անոր համաձայն, Ազգային ժողովին մէջ մեծապէս կ՛արժեւորուին այս յարաբերութիւնները, եւ պատահական չէ, որ Հայաստան-Գերմանիա բարեկամական խումբը բազմամարդ ու ամէնէն աշխոյժներէն մէկն է՝ ներառելով խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը: Արտակ Դաւթեանը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ միջխորհրդարանական կապերու, երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ աշխուժացման ու խորացման համար:
Եւրահամարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան՝ կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները, նշած է, որ հարկ է առաւել արդիւնաւէտ կերպով օգտագործել խորհրդարանական դիւանագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները: Անոր համաձայն, Գերմանիոյ խորհրդարանի կարգ մը անդամներու կամ խմբակցութիւններու կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն կ՛առաջարկուին բանաձեւերու նախագիծեր, որոնց մէջ խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացուին թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի, թէ՛ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, հաւանաբար հետեւանք է ոչ պատշաճ տեղեկացուածութեան. բան մը, որուն բացը կարելի է լրացնել փոխադարձ աշխոյժ կապերու, երկկողմանի աշխատանքի միջոցով: Որպէս ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ եւ Եվրանեսթի քաղաքական յանձնաժողովի փոխնախագահ՝ Նայիրա Զոհրաբեան կարեւոր նկատած է նաեւ միջազգային այլ խորհրդարանական կառոյցներու մէջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու համագործակցութեան ծիրի ընդարձակումը։
Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահ Ալեքսանդր Արզումանեան՝ անդրադառնալով եւրահամարկման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն՝ կարեւոր նկատած է համագործակցութիւնը Գերմանիոյ, անոր խորհրդարանին եւ հոն ներկայացուած քաղաքական ուժերուն հետ: Ըստ անոր, երկկողմանի կապերը, միջխորհրդարանական փոխգործակցութիւնը, Գերմանիոյ ժողովրդավարութեան ունեցած փորձառութիւնը մեծապէս կրնան նպաստել օրէնսդրութեան բարելաւման, եւրահամարկման եւ ժողովրդավարացման գործընթացներու ամրապնդման։
Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմըրթ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, թէ Հայաստան կատարած այցելութիւնը պէտք է հիմք դառնայ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու միջխորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման, ժողովրդավարացման ներուժի հետագայ բացայայտումներուն եւ անոնց զարգացման: Ներկայացնելով Գերմանիոյ անցած ժողովրդավարացման՝ անոր բնութագրումով՝ դժուար ու մարտահրաւէրներով լի ուղին, Նորպըրթ Լամմըրթ նշած է, որ իրենք շատ զգայուն են համանման հարցերու նկատմամբ եւ պատրաստ են աջակցելու բոլոր այն երկիրներուն, որոնք նոյնը կատարելու փափաք եւ կարիք ունին։
Անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ ատրպէյճանամէտ ուժերու զանգուածային գրոհներուն՝ Նորպըրթ Լամմըրթ ընդգծած է, որ խորհրդարանին մէջ մանրամասն կերպով կը քննարկուին Ատրպէյճանի ներքաղաքական հարցերը, որոնք յաճախ քննադատութեան կ՛արժանանան։
Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, Հայաստանի մէջ կայացած ընտրութիւններուն, փոխգործակցութեան նոր կարելիութիւններուն եւ այլ հարցերու։