ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նենսի Գրիգորեանի «All the Light there Was» հատորին ներկայացումը, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ կարծիքներու փոխանակում:
Ներկայացումը անգլերէնով պիտի ըլլայ:
Հատորի ներշնչման աղբիւրը Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդդիմութեան ղեկավարներէն մէկը հանդիսացած Միսաք Մանուշեանն է. հատորը կը պատմուի 14ամեայ հայուհիի մը տեսանկիւնէն:
Գրիգորեան հեղինակն է «Զապէլ» եւ «Dreams of Bread and Fire» հատորներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը յօդուածներու: Ան վկայուած է «Տարթմըթ» եւ «Քոլոմպիա» համալսարանէն՝ այս վերջինէն ստանալով Մագիստրոսի տիտղոսը: Ան նաեւ մարդկային իրաւանց ու ընկերային արդարութեան ի նպաստ պայքարող կազմակերպութեանց անդամ է ու ներկայիս հաստատուած է Նիւ Եորք:
Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորուի գրադարանի Արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքին, «Ապրիլ» գրատան ու Կլենտէյլի հանրային գրադարանի բարեկամներուն կողմէ:
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ (818) 548-3288 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.