ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին, Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը կազմակերպած էր Մեծ Պահքի իր աւանդական ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութենէն ետք, Կլենտէյլի մէջ, «First Congregational» եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
Արեւագալի արարողութեան հանդիսապետեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան. հոն ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հայրեր. օրուան հոգեւոր խօսքը ուղղեց հայր Միւռոնը։
Ճաշի ձեռնարկը կը վայելէր սրբազանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ընթացքին ներկայ էին Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Մակի Սարգունի եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։
Բացման խօսքը արտասանեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենադպիր եւ օրուան հանդիսավար Վարդուկ Աւետիքեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ նշեց, որ Մեծ Պահքի առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը առիթ մըն է խորհրդածելու այս բազմախորհրուրդ ժամանակաշրջանին թելադրած պատգամներուն մասին, որոնք մեզի կու գան հին դարերէն, կը բխին նոյնինքն Աւետարանէն եւ մարդոց կը թելադրեն հաւատք, յոյս եւ սէր։ Ապա, ան հրաւիրեց առաջնորդը կատարելու սեղաններուն օրհնութիւնը եւ ուղղելու իր ողջոյնի խօսքը։
Սրբազանը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի շրջանը մնայուն խորհրդածութեան եւ ինքնաքննարկումի հրաւէր է քրիստոնեայ հաւատացեալին համար։ «Մեր սրբազան հայրերն ու հայրապետները մեզի հրաւէր ու յորդոր կ՛ուղղեն, որպէսզի այս շրջանին դիմենք վերանորոգութեան ու վերաթարմացումի, մեր միտքերուն մէջ վերականգնենք աւանդութիւններու ու օրէնքներու հաւատարմութիւնը», ըսաւ ան։ Առաջնորդը յիշեցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին հռչակած է Հայ Մօր Տարի, ու այս մեկնակէտով՝ տիկնանց օժանդակ մարմինը սոյն ձեռնարկին համար բանախօս հրաւիրած է հայ մայր մը եւ վաստակաւոր տիկին մը. ան իր խօսքը եզրափակեց՝ գնահատանք արձանագրելով կազմակերպիչ մարմինին հանդէպ ու ողջունեց հանդիսականներուն ներկայութիւնը։
Սրբազանին խօսքէն ետք, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց բանախօս Սօնա Պատալեանը, որ բազմավաստակ դաստիարակ մըն է, իբրեւ ուսուցչուհի ծառայած է արաբական երկիրներու եւ մեր թեմին մէջ, նաեւ իբրեւ նուիրեալ հայուհի՝ ներկայիս կը ծառայէ ՀՕՄին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ու դպրաց դասին մէջ։
Յարգելի բանախօսը Պօղոս առաքեալի բառերով ողջունեց ներկաները եւ յիշեցուց, որ Մեծ Պահքի շրջանը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Յիսուսի առանձնացման ու պահեցողութեան շրջանը, որ իբրեւ գործնական պատգամ՝ այսօր ալ կը հնչէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ականջին, անոր կը թելադրէ ըլլալ ծառայող, կարգապահ ու աւանդապահ, կը մղէ աղօթքի, ինքնամփոփման, ինքնագիտակցութեան, ինքնասրբագրումի, բարեգործութեան եւ լաւագոյնը ընելու։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ Միջինքը նմանապէս առիթ է մեր կեանքին մէջ վերակենսաւորելու հիւանդին ու կարօտեալին օգնելու, եկեղեցւոյ ծառայելու յորդորները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ 2013ը Հայ Մօր նուիրելու Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին՝ վեր առնելով հայ մայրերուն, մեծ մայրերուն եւ առհասարակ իգական սեռի անդամներուն ուղղուած թելադրանքները։
Յայտագիրը, պահքի համադամներուն կողքին, համեմուած էր գեղարուեստական բաժինով։ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգեր, ասմունք եւ պար, իսկ ուսուցչուհիներէն Թամար Սէրայտարեան մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի նուիրուած երգով մը։
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս ձեռնարկին մասնակիցները սրահէն հեռացան հոգեկան գոհունակութեամբ՝ ցանկալով, որ Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը յաճախակի դարձնէ հոգիներ հարստացնող նման ձեռնարկներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.