ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի շրջան այցելութեան նախօրեակին, բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքին վրայ քարիւղի պեղման որոշում մը որդեգրած է:
Ուժանիւթի իսրայէլեան խորհուրդը պաշտօնապէս յանձնարարած է Կոլանի մէջ քարիւղի պեղման արտօնագիր տալ «Ճինի» ընկերութեան, որուն սեփականատէրն է ծայրայեղական «Մաֆտալ» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Աւի Իթամ:
Ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ բարձունքին վրայ մեծաքանակ քարիւղ կրնայ գտնուիլ:
Օրաթերթը միաժամանակ նշած է, թէ միջազգային օրէնքի կարգ մը մասնագէտներու համաձայն՝ շրջանին մէջ քարիւղի պեղում կատարելը ապօրինի է, որովհետեւ Կոլանը բռնագրաւուած հող է:
Սակայն Իսրայէլ կը պնդէ, թէ պեղումը օրինական է, որովհետեւ անիկա բռնագրաւուած տարածքի բնակչութեան եւ անոր կենսամակարդակի բարձրացման համար կը կատարուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.