ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պահակակէտին մէջ ծառայութեան ընթացքին, Չորեքշաբթի, Մարտ 6ի գիշերը «յանկարծակի մահացած է» ատրպէյճանցի զինուոր մը եւս. այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: Այս մահը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանական բանակին մէջ արձանագրուած չորրորդ դէպքն է: Մարտ 3ին, Արցախի մօտերը գտնուող դիրքի մը մէջ անձնասպան եղած էր զինուոր մը, իսկ Մարտ 2ին, անյայտ պայմաններու մէջ մահացած էր այլ զինուոր մը: Ապա, Փետրուար 28ին, պահակակէտի մը մէջ այլ զինուորի մը մահը հարցականներ ստեղծած է: Արդարեւ, մինչ բանակը յայտարարած է, թէ այս վերջին զինուորը անձնասպանութեան դիմած էր, անոր հարազատները տեսանիւթ մը տարածած են՝ պնդելով, թէ դիակին վրայ յստակօրէն կը տեսնուին ծեծի հետքեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.