ԵՐԵՒԱՆ.– Րաֆֆի Յովհաննէսեան 7 Մարտին հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմըրթի հետ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Յովհաննէսեան եւ Լամմըրթ քննարկեցած են 18 Փետրուարին Հայաստանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ ստեղծուած կացութիւնը։
«Հայ ժողովրդի կամքը պէտք է յարգուի», նշած է Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ «Ցեղասպանութեան իր սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու՝ Գերմանիայի փորձի եւ ժողովրդավարական աշխարհում առաջատար դառնալու հանգամանքով պայմանաւորուած՝ Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնն աւտորիտարիզմը եւ կեղծուած ընտրութիւնները պաշտպանելու փոխարէն կարող է յարգանքի արժանացնել ժողովրդավարական շարժմանը եւ Փետրուարի 18ին ժողովրդի կամքի յստակ արտայայտութեանը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.