ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Աքշամ» թերթին մէջ հրատարակուած է Պիլկի համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս փրոֆ. Արուս Եումուլի հետ հարցազրոյց մը՝ Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան ու քրտական տագնապին առնչութեամբ։ Եումուլ մասնաւորաբար շեշտած է, թէ Թուրքիոյ հանրային կարծիքը տակաւին պատրաստ չէ կարգ մը բաներու, ինչպէս՝ ամբողջական ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու ճանաչման կամ կարծիքի ազատութեան։
Հարցազրոյցի սկզբնակէտն էր քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան դէմ սեւծովեան իր շրջապտոյտին ընթացքին կատարուած բողոքի ցոյցերը։ Եումուլ «ուղղակի դատապարտելի» կը նկատէ այդ ցոյցերը եւ կ՛ազդարարէ, թէ նման ցոյցեր արդարացնելը պատճառ պիտի դառնայ, որ անոնք տարածուին։ «Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ շարունակ կը գրգռուի։ Գրգռութեան հետեւանքով մեր այրերը իրենց կիները կը սպաննեն, ապա գրգռուած ըլլալու արդարացումով՝ աւելի թեթեւ պատիժ կը ստանան։ Իրականութեան մէջ, եթէ չափահասները գրգռութեան զոհ երթան, ատիկա կը նշանակէ, որ անոնք տակաւին լրիւ զարգացած չեն։ Մենք հասուն հաւաքականութիւն մը չենք», կ՛ըսէ ան։
Մեկնաբանելով ազգայնապաշտութեան էութիւնը՝ Եումուլ դիտել կու տայ, որ մարդ ազգայնապաշտ չի ծնիր, «այլ յատուկ ուսուցումով եւ ընկերաբանական որոշ ներգործութիւններով կրնաք մարդը ազգայնապաշտ դարձնել»։ Ըստ անոր՝ տարիներէ ի վեր «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի մասին կը խօսուի, եւ եթէ այս ասութեան նայինք, այն ատեն կրնանք նշմարել, թէ անոր տակ եւս ազգայնապաշտութեան ազդակ կայ։
«Երկու տարբեր երեւակայական հաւաքականութիւն կը ստեղծուի եւ կ՛ըսուի՝ «Մեր ազգայնապաշտութիւնը յառաջդիմական է, խաղաղասէր է, ժողովրդավար է, իսկ անոնց ազգայնապաշտութիւնը բարբարոսութիւն է, յետամնաց է»։ Այսպէս է, որ հաւաքականութիւնները դէմ դիմաց կու գան», կ՛աւելցնէ ան:
Քրտական հարցի լուծման մասին Եումուլ ունի յառաջդիմական միտքեր, որոնց մասին կը խօսի գիտնականի համարձակութեամբ։ Երբ զրուցավարը կը յիշեցնէ, թէ քրտական հարցին դիմաց Թուրքիոյ ազգայնապաշտութիւնը հետզհետէ աւելի պիտի զօրանայ, Եումուլ կը պատասխանէ, թէ ամէն մարդ հաշտութիւն ու խաղաղութիւն կ՛ուզէ, բայց ոմանք, մէկ կողմէ հաշտութիւն ուզելով հանդերձ՝ չեն հանդուրժեր, որ քրտական կուսակցութիւնը իր կարծիքը յայտնէ։ Գալով քիւրտերու ու թուրքերու միասին ապրելու խնդիրին՝ Եումուլ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ կը հասկնանք «միասին ապրիլ» ըսելով. «Եթէ ատիկա կը նշանակէ ակնկալել, որ մէկուն պարտադրած պայմանները պիտի ընդունուին միւսին կողմէ, ապա ատիկա շատ ալ լաւատես լուծում մը չէ», կ՛եզրակացնէ Եումուլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.