ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Հաւատանք կամ ոչ, մեզ շահագործողներ եղած են, կան, ու դեռ պիտի ըլլան: Ընկերասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն եւ նման եզրեր այնքա՜ն գեղեցիկ կը հնչեն իբրեւ գաղափար, ու տեսականօրէն ինչքա՜ն հեշտ կը թուի ատոնց գործադրութիւնը: Սակայն բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ իրական կեանքի մէջ, յատկապէս քրիստոնէութեան բարոյական սկզբունքները շա՜տ դժուար կիրարկելի են, ու անմատոյց բարձունքներու վրայ կը գտնուին երբեմն:
Քրիստոնեայ մարդուն ապրած կեանքը փորձ է պարզապէս, բիւրեղացնելու իր հոգին, հաւասարակշռելով փոխյարաբերական իր կեանքը՝ վարմունքը, կենցաղակերպը, արտայայտութիւնները, յատկապէս զօրացնելով իր մէջ ներողամտութեան կամքը, որ քիչերու տրուած շնորհք է այս կեանքի մէջ:
Տեսնուած են քրիստոնեաներ, որոնք ո՛չ միայն չեն կրնար ներել, այլ ընդհակառակը ոխակալութեամբ լեցուած, առիթի կը սպասեն չէզոքացնելու իրենց հակառակորդը: Հապա՞ քարոզուած ներողամտութիւնը…: Ինչո՞ւ չի գործադրուիր անիկա, յատկապէս Աւետարանի հետեւորդներուն կողմէ, որոնք միայն սիրոյ վարդապետութեան դրուագներ կը տեսնեն իրենց աչքերուն դիմաց, ոսկեգիր այդ մատեանին մէջ: Քրիստոնէական վարդապետութեան բարոյական վեհագոյն օրէնքները այնքան անբռնաբարելի են, որ նոյնիսկ անոնց քարոզիչ աւետարանիչները չեն կրնար ամբողջական գործադրողները ըլլալ, որովհետեւ աստուածային կատարելութենէն զուրկ է մարդ արարածը:
Առհասարակ միամտութիւն կը ճանչցուի, մարդոց ցուցաբերած բարութիւնը: Ուրիշի նկատմամբ զոհաբերութեան ոգին՝ տկարութիւն կը մեկնաբանուի երբեմն, եւ տարբեր առիթներով ալ, անիկա պարզապէս յիմարութիւն կÿորակուի: Բարութիւնը հոգեկան բիւրեղութեան այնպիսի վիճակ է, որ մարդը կը տարբերէ իր նմաններէն, ու աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ: Բարութեան հետ, անոխակալութիւնը, սիրոյ հետ՝ զոհողութիւնը, ամբողջական մարդ կը դարձնեն մահկանացու ծնած մարդը, որ գիտէ համեստացնել իր անձը, օգուտ դառնալով իր շրջապատին:
Ոմանք ուրիշներու նկատմամբ իրենց յարգանքին ու զոհողութեան մէջ՝ չափազանցութիւններ կÿարձանագրեն, որոնք միշտ վնասաբեր կ՛ըլլան յարգանքը մատուցող մարդուն: Որովհետեւ բարութեան դիմաց, անկասկած որ կայ չարութիւնը, ծառայութեան դիմաց՝ շահագործումը եւ նուիրումի դիմաց՝ չարաշահումը:
Յատկապէս անցորդներու, պանդուխտներու եւ օտարականներու նկատմամբ քաղաքակիրթ աշխարհը օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ: Հին ժամանակներուն ալ այդպէս եղած է: Եղած են «քարւանսարայ»ներ կամ «խան»եր, ուր կ’իջեւանէին մարդիկ անցեալին, երբ գոյութիւն չունէին այսօրուան պանդոկները, որոնք իրենց աստղանշային աստիճանաւորումներով, վաճառքի կը հանեն իրենց շքեղ հանգստաւէտութիւնը եւ այլ յարմարութիւնները: Արաքս գետի ափին, Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, մինչեւ այսօր պետական խնամքով կը պահպանուի այդ իջեւաններէն մին, որուն մէջ մարդոց հանգստանալու բաժանմունքներէն բացի, կ՛երեւին նաեւ անոնց փոխադրամիջոց կենդանիներուն մնալու ու կերակրուելու տեղերը:
Մէկ օր, եւ կամ թէ աւելի հանգստանալու պարագային, չափաւոր յարգանքը, երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւն կը յառաջացնէ, եւ ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ուղղութեամբ կը շարունակէ իր ճամբան: Սակայն, երբ մէկ կողմը, յատկապէս հիւրընկալ կողմը չափազանցէ յարգանքը, դիմացի կողմը, ըստ իր ստացած դաստիարակութեան ու կազմաւորումին, կրնայ չարաշահել այն, եւ պատճառ դառնալ անախորժութիւններու: Նաեւ, հիւրընկալուող կողմը միշտ պէտք է հետեւողի, կացութեան յարմարողի եւ հնազանդողի դերին մէջ գտնուի, որովհետեւ մէկ, կամ մի քանի օրուան հիւր ըլլալով, իրաւունքը չունի հիւրընկալին կեանքը փոփոխութեան ենթարկելու:
Լսուած առակ է հին ժամանակներու գիւղական կեանքէն վերցուած սոյն դրուագը, երբ իր անցորդ բարեկամը տեսնելով, տանտէրը զայն ներս կը հրաւիրէ հիւրասիրելու: Հրաւիրուողը տանտիրոջ կը հարցնէ.
_ Ձիս ո՞ւր կապեմ:
_ Լեզուի՛դ կապէ, _կը պատասխանէ հրաւիրողը:
Անակնկալ հրաւէրին պատասխանելու, կամ զայն ընդունելու կերպերը ամբողջովին կը տարբերին, մեր սեփական կեանքի ընթացքին մեր առած որոշումներէն ու կատարած տնօրինումներէն: Մենք մեզի համար կրնանք դասաւորումներ կատարել, ու մեր ազատութեան սահմաններուն մէջ տնօրինել մեր կեանքը: Սակայն կարելի չէ՛ չարաշահումի տանիլ ու օգտագործել դիմացինին բարութիւնը, անկեղծութիւնը, համեստութիւնը եւ համբերութիւնը:
Մէկով չբաւարարուող, ու ձրի ստացածին դիմաց կրկնապատիկ պահանջող անձերու ալ կարելի է հանդիպիլ յաճախ: Եթէ իմանան թէ մատուցուող իրը ձրի պիտի ստանան, անմիջապէս երկրորդը կը պահանջեն: Ճիշդ այդպիսիներուն պէտք է ըսել.
_ Սա ձիդ լեզուի՛դ կապէ:
Ձին մեր պահանջները կը խորհրդանշէ, որոնք տեղի թէ անտեղի կը ներկայացնենք յատկապէս այն մարդոց, որոնք մեզի բարիք կը կատարեն: Սակայն կարելի չէ՛ չարաշահել անոնց ազնուութիւնը: Ձին ընտանի կենդանի ըլլալով հանդերձ, նաեւ թագաւորական փոխադրամիջոց էր: Զուր տեղ չէ որ Երկինքի Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս իբրեւ համեստութեան նշան, իշուկի քամակին նստաւ, եւ ո՛չ թէ ձի հեծաւ Երուսաղէմ յաղթական մուտքին առիթով (Հմմտ Մր 11.7): Հպարտօրէն մեր պահանջները ներկայացնելու փոխարէն, միշտ պէտք է մտածել նաեւ, թէ՝ մե՞նք ինչպէս կրնանք փոխադարձել մեզի բարիք ընողին:
Սղոցին օրինակը դարձեալ կը յարմարի այստեղ, որովհետեւ «մէկ դէպի մեզ, եւ մէկ դէպի ձեզ»ի սկզբունքով կը գործէ, նոյնիսկ եթէ այդ միջոցին իր տակը գտնուող իրը կը մաշեցնէ:
Ձին լեզուին կապելու արարքին մէջ, նաեւ կայ այլ բարիք: Այդպիսով նաեւ պապանձումի պիտի ենթարկուի պահանջող բերանը: Իր բարեկամին ազնուութիւնը չարաշահելու ունակութիւն ունեցողը, ամէն օր նոր ծրագիրներով կը դիմէ անոր, պահանջներու անվերջանալի շարանը կարելի եղածին չափ երկարելով:
Ձին սանձելու արուեստը հետզհետէ կը սորվին ձիաւորներ, յատուկ ժամեր տրամադրելով ձիավարժութեան համար: Այդ սանձով կը կառավարուի ընտանի այս կենդանին, հնազանդելով ձիաւորի կամքին: Սակայն, մինչեւ անոր վարժուիլը, կրնայ խելագար շարժումներով նոյնիսկ վնասել իր փորձառու մարզիչին: Համեմատաբար տարեցներուն, աւելի երիտասարդ ձիերը ինքնատեսութիւն եւ թեթեւ հպարտութիւն կ՛ունենան: Անոնք նոյնիսկ դժուարաւ կ՛արտօնեն, որ պայտարը իրենց սմբակներուն տակ նալերը գամէ: Գործ՝ որ իրենց բարիքին համար է:
Փորձառու այդ մարզիչը ու նալպանտը, մեզի բարիք կատարող մեր բարեկամներն են: Անոնք կÿուզեն որ մենք նմանինք իրենց, սանձելով մեր յոռի սովորութիւնները, եւ հագնելով նալերը՝ անվնաս քալենք մեր ճամբան: Սակայն, միշտ ալ պիտի գտնուին անձեր, որոնք պիտի չարաշահեն մեր ազնուութիւնը եւ իրենց նկատմամբ մեր ունեցած հոգածու վերաբերումը:
Բայց ի վերջոյ, ձին սանձել պիտի սորվին, եւ ապա զայն կապեն իրենց լեզուին: