ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 14 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի յայտնած է, որ Վրաստան «խնդրայարոյց» հատուածներ ունի Հայաստանի հետ սահմանին վրայ:
«Այսօր Թիֆլիս պիտի ժամանէ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը, եւ ես անձամբ կը փափաքիմ քննարկել մեր սահմանի որոշ հատուածներու հարցը, որոնց վերաբերեալ խնդիրներ առկայ են», յայտնած է վարչապետը, ըստ «Գռուզիա օնլայն»ի:
Իվանիշվիլի ընդգծած է, որ հայ-վրացական սահմանի սահմանազատման աշխատանքները կ՛ընթանան աշխոյժ կերպով: «Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի նախագահին հետ, այս օրերուն մենք իրարու հետ ունեցած ենք հեռաձայնային զրոյց մը եւ կը կարծեմ, թէ այդ հարցը կը լուծուի երկու երկիրներուն շահերը նկատի ունենալով», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.