ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 13 Մարտին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած տարբեր կուսակցութիւններու պատգամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումով սկսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Պերլին տուած այցելութիւնը:
Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հաստատուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համար՝ նախարար Նալբանդեան յատկապէս կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը՝ օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարներուն փոխայցելութիւնները, միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը, փոխգործակցութիւնը՝ միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներուն ընթացքին:
Տեղի ունեցած է միտքերու հանգամանալից փոխանակում տարածաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն շուրջ: Էդուարդ Նալբանդեան մանրամասն կերպով ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Այնուհետեւ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է վարչապետ Անկելա Մերքելի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Քրիստոֆ Եոյսկենի հետ: Զրուցակիցները հանգամանալից կերպով քննարկած են հայ-գերմանական բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղիները, միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու լայն շրջագիծը:
Նոյն օրը երեկոյեան արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալուած է Գերմանիոյ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդին մէջ, ուր հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով, պատասխանած է արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, դիւանագէտներու, քաղաքագէտներու եւ լրագրողներու հարցերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.