ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

Համայն մարդկութիւնը մէկ խաւի պատկանելիութեամբ ներկայացնելու ամէն փորձ ձախորդութեան պիտի մատնուի: Կատարելութեան հասնելու ձգտումը, միշտ գովելի ու գնահատելի է մարդուն մէջ: Սակայն, անիկա եւս ունի իր սահմանները: Մարդ իր կարողութենէն աւելին չի՛ կրնար ըլլալ: Առհասարակ մարդու կարողութիւնները սկիզբէն սահմանագծուած են: Այն հրաշալի գիւտերը, որոնք մարդուն կողմէ կը կատարուին, միշտ ալ կը մնան անոր տրուած կարելիութեանց կամ երկնատուր շնորհքներու սահմանին մէջ:
Մարդկային ընկերութեան մէջ, սակայն, քիչ չէ՛ թիւը անոնց, որոնք բարի ցանկութեամբ միշտ աւելիին կը ձգտին, իրենց կարողութենէն վեր պաշտօններ կը ցանկան, ու մեծ վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շրջապատին, այն աշխատանքներու իրագործման գծով, որոնց մէկ փոքր մասը կատարելու հնարաւորութիւնը չունին: Ոմանց խոհուն քալուածքը, ձեռքերը ետին կապած, կամ՝ խորհրդաւոր նայուածքը դէպի հորիզոնի ամէնէն հեռուն, խաբուսիկ դեր կը կատարեն, նոյնիսկ փորձառու մարդիկը ծուղակ նետելով:
Նման փորձութեան մատնուողները առհասարակ կ՛ըլլան երիտասարդ տարիքի մէջ գտնուող եւ իրենց պատասխանատուներուն կողմէ շփացուող անձերը, որոնք իրենց տարիքին համեմատ շատ ծանօթութիւններ կը շահին, եւ կամ բազմաթիւ տեղեկութիւններու իրազեկ կը դառնան:
Տեսնուած է, որ յատկապէս հիմնարկութիւններու ընդհանուր տնօրէններու առաջին քարտուղարներ, մանաւանդ երբ երիտասարդ ու անփորձ տարիքի մէջ են, նման վարքագիծ կ՛որդեգրեն ակամայ: Անոնք այցելուներու խօսակցութիւններէն հատուածներ լսելով, կամ ընդհանուր տնօրէնի ազնուութենէն օգտուելով տեղեկահաւաքի կը սկսին, նախ պատանդ վերցնելով հաւաքուած տեղեկութիւններուն մէջ վատ յիշողութեան արժանացած անձինք, եւ ապա նոյնինքն ընդհանուր տնօրէնը, որուն համար բնականաբար գաղտնապահութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Այստեղ մանկավարժական թերացումի գլխաւոր յանցանքը անշուշտ պատասխանատուներու ուսերուն կը ծանրանայ: Անոնք պէտք էր որ աշխատանքային թէ ընկերական սահմանագծումները ճիշդ եւ ատենին կատարէին, որպէսզի առաջքը առած ըլլային մանկական բնազդ նկատուող տեղեկահաւաքի անհաճոյ ու վտանգաւոր երեւոյթին:
Մանկավարժական սխալ մօտեցումի արդիւնքներէն պիտի ըլլայ նաեւ այն, որ կանխահաս տարիքին ակամայ տեղեկահաւաքի ձեռնարկած անձը, երկու տարբեր փորձութիւններու պիտի մատնուի: Առաջինը՝ ան բնա՛ւ պիտի չճանչնայ իր ինքնութիւնը: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ առիթը պիտի չունենայ գտնելու իր անհատականութիւնը, որովհետեւ նախքան ատոր կազմաւորուիլը, ան յայտնուած էր ա՛յլ կարգավիճակի մէջ, երբ դժուար էր ինքնութեան հիմնադրման աշխատանք տանիլ: Մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւնն է ասիկա, որուն մասին տասնամեակներ առաջ իր աննման քառեակը յօրինած է Ծայրագոյն Արեւելքի իմաստուններէն Կոմփիւկիոսը՝ ըսելով. «Ան որ չի՛ գիտեր եւ չի՛ գիտեր թէ՝ չի՛ գիտեր, տգէտ մըն է, հեռացի՛ր անկէ»:
Ասոր վիճակը կարելի է նմանցնել հարուստի զաւակի փարթամ կեանքին, որուն հայրը ամէն յարմարութիւններ եւ նիւթական ապահովութիւն կը տրամադրէ անոր, իսկ զաւակը ո՛չ մէկ ճիգ թափելու պարտաւորուած կը զգայ իր ապրուստը ճարելու համար: Պարզապէս այն ինչի որ կարիքը զգայ կամ պահանջէ, շուտով իր տրամադրութեան տակ կը գտնէ:
Երկրորդ դժբախտութիւնը՝ դարձեալ հետեւանք է մանկավարժական վերոյիշեալ սխալ մօտեցումին այն է, որ նման թշուառականներու յաւակնութիւնները շատ մեծ ծաւալ կ՛ընդգրեն: Տեղեկահաւաքի մնայուն թուող պաշտօնը անոնք յանկարծ կ՛ուզեն փոխարինել իշխանական ոյժով, որուն բնական անցումը այլեւս իրաւունք կը նկատեն: Ահա այստեղ անոնք կը դիմագրաւեն այնպիսի փորձաքար, որ կրնայ զիրենք քօղազերծել ու իրենց իսկական դիմագիծը՝ խեղճութիւնը, ի յայտ բերել:
Այս կացութեան մէջ տուժող կողմը ենթական ինք ըլլալէ աւելի կ՛ըլլայ ան, որ զինք հասցուցած էր այդ աստիճանին: Նախ անոր համար, որ թշնամական կեցուածքը ու անհնազանդութեան քայլերը առաջին հերթին անոր նկատմամբ պիտի ունենայ ենթական, որովհետեւ զայն պիտի նկատէ այլեւս մրցակից, քան՝ գործակից:
Ուժերու հաւասարութիւնը պատճառ պիտի դառնայ յարատեւ բախումներու: Բնութեան օրէնքը երկու հաւասարազօր ուժերու գոյակցութիւնը չի՛ թոյլատրեր: Անոնցմէ մէկը պէտք է տեղի տայ: Այլ օրինակով ալ կարելի է բացատրել ասոնց կացութիւնը: Կաղապարէն դուրս ինկած մարմինը, նոյն կաղապարին օրինակով պիտի կաղապարէ նաեւ այլ կակուղ մարմիններ, ու որոշ ատեն ետք ի՛նք պիտի նկատուի կաղապարը միւսներուն:
Հոգեբանական գիտութեան մէջ կարգավիճակ կարելի է տալ նման անձերու եւ զանոնք նկատել, առանց երազի ապրող մարդիկ: Առաջին իսկ ակնարկով դժուար է գտնել մարդ առանց երազի, առանց հեռակայ նպատակներու: Ասոնց պարագային հեռակայ ծրագիրները պարտադրաբար մօտեցնելու իրավիճակ կը պարզուի, որովհետեւ իրենց ձեռքի տակ գտնուող պատանդները միշտ պատրաստ կ՛ըլլան յարմարութիւնները ստեղծելու, թէ՛ կեանքի եւ թէ աշխատանքային իմաստով: Ուրեմն, երազելու կամ հեռակայ ծրագիրներ մշակելու համար տրամադրելի ժամանակ չունին անոնք, ու պէտք ալ չունին այդ ժամանակը յատկացնելու, ինչպէս հարուստի երեխան, որ բնաւ տքնաջան աշխատանք կատարելու պէտք չունի իր նպատակին հասնելու համար:
Վերեւը ըսուեցաւ, սակայն, որ այս թշուառականներու դիմագրաւելիք գլխաւոր փորձութիւնը իրենց խեղճութեան հետ դէմ յանդիման գալն է: Ասոնց յատուկ պարագան նկատի ունենալով, պէտք չէ՛ բնաւ աւելին ակնկալել: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ վարժ ըլլալով ուժի կիրառումին, վնասակար ու վտանգաւոր քայլերու կրնան դիմել, աւելի քանդելով, քան՝ կառուցողական աշխատանք կատարելով:
Մարդոց կազմաւորումը մեծ դեր կ՛ունենայ անոնց ապագայ կեանքի ու գործունէութեան վրայ: Ստրկութեան հոգեբանութիւնը դժուար թէ վեհանձնութեան փոխուի, ինչքան ալ շրջազգեստներու գոյները փոփոխութեան ենթարկուին պարտադրաբար: Կարելի՞ է ակնկալել հարուստ տանտիկինէն որ հանդուրժէ իր գեղեցիկ աղախինին ամուսնութիւնը, իր շրջանակէն եղող մեծահարուստ երիտասարդին հետ… Սնափառութեան ախտանշաններ են պարզապէս այդ բոլորը, որ հետզհետէ կը խեղդէ մարդկային հոգին պուտ մը ջուրի մէջ:
Աւելին ինչո՞ւ ակնկալել, երբ արեւու լոյսը բացայայտ կը դարձնէ ամէն իրականութիւն: Ինչո՞ւ ակնկալել անկարելին, երբ ծանօթ են այդպիսիներուն կարողութիւնները, ու մանաւանդ կարելի է գուշակել անոնց յառաջիկայ քայլերը:
Աշխարհը երբեք կատարելութիւններ չէ՛ գտած, ինչքան ալ փնտռած ըլլայ, կամ փայփայած՝ զայն գտնելու երազներ: Միակ դժբախտութիւնը այն եղած է, սակայն, որ ձախող անկատարութիւններ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են, ու որոշումներ կայացուցած շատ աւելի կատարեալ թուացող ամբոխին համար:
Աւելին պէտք չէ՛ սպասել նաեւ անոր համար, որ թերեւս գալիքը աւելի՛ վատթարագոյն կ՛ըլլայ, քան՝ ներկան…: