– Իրանեան օդուժը Ծոցի միջազգային ջուրերուն վերեւը ամերիկեան անօդաչու օդանաւ մը փորձած է գրաւել Մարտ 15ին, սակայն փորձը ձախողութեան մատնուած է՝ ամերիկեան օդուժին պատկանող ռազմական օդանաւերու միջամտութեան պատճառով:
– Մարտ 15ին, Սուրիայէն Լիբանան ժամանած հանրակառք մը արկածով շրջած է եւ իբրեւ հետեւանք՝ առնուազն 8 զոհ եւ 29 վիրաւոր արձանագրուած է: Արկածը տեղի ունեցած է Քահհալէի մէջ:
– Անգործ ամերիկացի մը 35 տոկոսով աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի սրտի տագնապ դիմագրաւելու, իսկ չքաւոր ամերիկացի մը՝ 96 տոկոսով աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի ընկճուածութիւն դիմագրաւելու:
– Մինչեւ 2020, կ՛ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բժիշկներու թիւը աւելնայ 50,100ով, իսկ բժշկական խնամքի կարօտ հիւանդներուն թիւը՝ 36 միլիոնով:
– Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ քոնկրեսականներուն մէկ երրորդը ընտրուած է Քալիֆորնիայէն կամ Նիւ Եորքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.