
ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մարտ 19ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսիս պապի գահակալման արարողութիւնը, ներկայութեամբ մեծ թիւով կրօնապետներու, նախագահներու, ղեկավարներու ու հաւատացեալներու: Պապը իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք տուած պատգամին մէջ յայտարարեց, որ «պէտք է մեր ձեռքերը բանանք աշխարհին, Աստուծոյ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար աղքատներուն ու լուսանցքայնացուած քաղաքացիներուն»: Ան նաեւ յոյժ կարեւոր նկատեց կենսոլորտի պահպանման համար տարուող եւ տարուելիք աշխատանքները: