Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանէն կը տեղեկացնեն, որ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի գեղարուեստական խումբին նախաձեռնութեամբ եւ «Հայարտուն» կեդրոնին աջակցութեամբ Շաբաթ, Մարտ 16ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ կայացած է «Tamar and Kids Paper Fashion Show» խորագիրով բնապահպանական ուղղուածութեամբ թուղթի ցուցադրութիւն: Անիկա իրականացած է «Պահպանենք շրջակայ միջավայրը» նախագիծի ծիրէն ներս:
Ձեռնարկին մասնակցած են Թիֆլիսի տարբեր դպրոցներու 4-16 տարեկան երեխաներ: Աւելի քան 40 տարբեր ազգութեամբ երեխաներ ներկայացուցած են թուղթի տարատեսակներէն իրենց երեւակայութեամբ եւ ձեռքով պատրաստուած հագուստ եւ զարդեղէններ:
Ցուցադրութեան մասնակցած են նաեւ «Հայարտուն» կեդրոնի նախակրթարանի եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները:
Թուղթի ցուցադրութեան իրենց աշխատանքներու լուսանկարները ուղարկած են նաեւ ՀՀ Նարեկացիի անուան արուեստի միութեան Շուշիի բաժանմունքի ուսանողները, իսկ Երեւանը ներկայացնող Ժենեա Մուրատեանը ներկայացուցած է իր պատրաստած հագուստը:
Ձեռնարկի ընթացքին օրհնութեան խօսքով հանդէս եկած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան: Բարձր գնահատելով գեղեցիկ բնապահպանական ձեռնարկը. սրբազանը կարեւոր համարած է տարբեր երկիրներու երեխաներ նախագիծին մէջ ընդգրկելու նախաձեռնութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին՝ թուղթի ցուցադրութեան բոլոր մասնակիցները ստացած են վկայագիրներ եւ նուէրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.