
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի բացառեր, որ ընդդիմադիր դաշտին մէջ համագործակցութիւն կայանայ՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն գծով՝ թէ՛ նախընտրական, եւ թէ յետընտրական շրջանին: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչով պայմանաւորուած է այն, որ ՀՅԴի ցանկը կը գլխաւորէ Արմէն Ռուստամեանը, Վարդանեան շեշտած է՝ «կարեւորութեամբ»:
«Նա Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ է եւ գլխաւորում է մեր ցուցակը, որովհետեւ մենք սա համարում ենք կարեւորագոյն ընտրութիւններ: Երկրորդ տեղը զբաղեցնում եմ ես, իսկ երրորդ տեղը՝ Արսէն Համբարձումեանը», յայտնած է Աղուան Վարդանեանը: