
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ապրիլ 2ին կայանալիք Կլենտէյլի ընտրութեանց սեմին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ քաղաքացիներուն, որ ընտրեն այնպիսի թեկնածուներ, որոնք ջատագով են

աւելի թափանցիկ, հաշուետու եւ ազդու կառավարութիւն մը մէջտեղ բերելու գաղափարին:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի թափուր երեք աթոռներուն համար թեկնածուներէն երեքը ցոյց տուած են, թէ աւելի յանձնառու են քաղաքապետական խորհուրդը քաղաքացիներուն աւելի հաշուետու դարձնելու գաղափարին ու պատրաստակամութիւն յայտնած են քաղաքապետարանի գործունէութիւնը աւելի թափանցիկ դարձնելու եւ աւելի ազդու կառավարութիւն մը մէջտեղ բերելու նպատակները իրականացնելու:
«Նկատի ունենալով, թէ մեր քննարկումներուն ընթացքին ամենայաճախ կրկնուած էին վերոյիշեալ երեք կէտերը՝ թափանցիկութիւն, հաշուետուութիւն եւ ազդու ըլլալու կարեւորութիւն, որոշեցինք, թէ Արա Նաճարեանը, Զարեհ Սինանեանը եւ Շահէ Քէօրօղլեանը կարողութիւն ունին ամենայատկանշական ներդրումը ունենալու՝ նկատի ունենալով անոնց նուիրումը», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
Կարապետեան կ՛աւելցնէ, թէ այլ թեկնածուներ, որոնց շարքին՝ Հըրպըրթ Մոլանօ, Մայք Մոհիլ, Էտիթ Ֆուենթես, Ռիք Պարնզ, Արամ Գազազեան եւ Ռոլանտ Կետիկեան, կարեւոր քայլերու դիմած են կամ առաջարկներ ներկայացուցած են Կլենտէյլի կառավարումը բարելաւելու կամ շրջանի հայութեան հետ կապերը սերտացնելու նպատակով:
«Ըստ մեր քննարկումներուն՝ Արա Նաճարեան, Զարեհ Սինանեան,, Լորա Ֆրիտմըն եւ Սեմ Էնկըլ ամենամեծ հաւանականութիւնը ունին ընտրուելու Ապրիլ 2ի ընտրութեանց ընթացքին», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Տէյվիտ Գրիգորեան:
«Այս հինգին մէջ, Նաճարեան, Սինանեան եւ Քէօրօղլեան Կլենտէյլի հայութիւնը յուզող հարցերուն կապակցութեամբ աւելի դրական քայլերու դիմած են ու դիրքեր որդեգրած են՝ միաժամանակ խոստանալով քաղաքը աւելի թափանցիկ, հաշուետու եւ ազդու դարձնել», կ՛աւելցնէ համայնքի երկարամեայ կազմակերպիչներէն ու Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արթին Մանուկեան:
Միւս կողմէ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ որոշած է նեցուկ կանգնիլ քաղաքի քարտուղարի պաշտօնին վերընտրուելու ընտրապայքար մղող Արտաշէս «Արտի» Քասախեանին, ինչպէս նաեւ քաղաքի գանձապահի

պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դրած Ռաֆֆի Մանուկեանին:
Յայտնենք, որ եթէ քաղաքացի գանձապահի պաշտօնը նշանակովի դարձնող «A» առաջադրութիւնը մերժուի, ներկայիս քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եղող Ռաֆֆի Մանուկեանը պիտի դառնայ քաղաքի յաջորդ գանձապահը, եւ այդ պարագային՝ քաղաքապետական խորհուրդը անոր փոխարէն պիտի նշանակէ նոր անդամ մը:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ «ո՛»չ քուէարկելու «A», «B» եւ «C» առաջադրութեանց, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ընտրեալ գանձապահ մը աւելի հաշուետու պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն: Միաժամանակ, ան անկարեւոր կը նկատէ «B» եւ «C» առաջադրութեանց ներկայացուցած հարցերը:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ նեցուկ կը կանգնի Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ընտրութեանց մասնակցող Կրեկ Գրիգորեանին (որ ներկայիս անդամ է վարչութեան), դոկտ. Արմինա Կարապետեանին ու Ճենըֆըր Ֆրիմընին:
«Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան մէջ Քրիսթի Ուոլթըրզի ու Ճոյլին Ուեկնըրի աշխատանքը գնահատելի է, սակայն կը հաւատանք, որ Արմինա Կարապետեանն ու Ճենըֆըր Ֆրիմընը նոր գաղափարներով պիտի հարստացնեն վարչութիւնը», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Հիլմա Պալայեան: