ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Աջակցութիւն ինքնորոշուած Արցախին» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն, ազատամարտիկ Մկրտիչ Տօնոյեան 19 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի Հանրապետութեան ազատագրուած շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ է աշխոյժ կերպով շարունակել։ Անոր համաձայն, միայն Քաշաթաղի շրջանին մէջ արդէն 23 սուրիահայ ընտանիք հաստատուած է՝ 71 անդամներով: Տօնոյեան նշած է, որ սուրիահայերուն մէջ կան բազմանդամ, ինչպէս նաեւ երկու հոգիէ բաղկացած ընտանիքներ, որոնց բնակարաններ կը տրամադրուին պետութեան կողմէ: «Արդէն որոշ մասի բնակարանները պատրաստ են, մնացածները կառուցման փուլում են», նշած է Տօնոյեան: Իրենց կազմակերպութեան կողմէ սուրիահայերուն 6 միլիոն դրամէ աւելի ընդհանուր արժէքով կահոյք պիտի տրամադրուի: «Սիրիահայերի որոշ մասը աշխատանքով ապահովուած է. կան աւտոմեխանիկներ, մեխանիզատոր, վարորդ-մեխանիկ եւ այլ մասնագէտներ, որոնց նաեւ գիւղատնտեսական տեխնիկա կը տրամադրուի», դիտել տուած է ան։
Տօնոյեան անհրաժեշտ նկատած է ո՛չ միայն Արցախի ազատագրուած տարածքներուն, այլ նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման քաղաքականութեան շարունակութիւնը: Բանախօսին համաձայն, Արցախի մէջ վերաբնակելու փափաքը ոչ թէ հերոսութիւն պէտք է նկատուի, այլ՝ սովորական երեւոյթ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.