
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովին առաջին օրը փորձագէտները քննարկած են Ցեղասպանութեան ճանաչման առումով առկայ դժուարութիւնները, թերութիւնները եւ խնդիրները, ինչպէս նաեւ անդրադաձած են հետագային կատարուելիքներուն: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանը՝ ամփոփելով գիտաժողովի առաջին օրը:
«Դրական է այն հանգամանքը, որ գիտաժողովն անցաւ ակտիւ քննարկումների մթնոլորտում: Հրաւիրուած փորձագէտները, բացի Ցեղասպանութեան մասին գիտական զեկուցումներից, անդրադարձան նաեւ ճանաչման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերում առկայ թերութիւններին եւ յետագայ անելիքներին, ինչի համար էլ մենք նրանց հրաւիրել էինք», տեղեկացուցած է Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ քննարկման արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին՝ 30 Մայիսին կայանալիք երրորդ նիստի քննարկման ընթացքին:
Դեմոյեան դիտել տուած է, որ գիտաժողովի աւարտին պիտի որդեգրուի բանաձեւ, որ առաջարկներու ձեւով պիտի ուրուագծէ յանձնաժողովի գործելաոճի հիմնական ուղղութիւնները:
Ան նշած է, որ յանձնաժողովը աշխատանք պիտի տանի միջազգային փորձագէտներու հետ մնայուն կապ ապահովելու իմաստով: «Նախատեսւում է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի հիմնախնդիրներով զբաղուող ընկերակցութիւն ստեղծել, որը մշտական կապ կ՛ապահովի բոլոր ցեղասպանագէտների եւ փորձագէտների հետ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ատիկա առիթ պիտի տայ աւելի համակարգուած եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու:
Դեմոյեանի համաձայն, աշխատանքները շարունակական պիտի ըլլան: «Ընդունուելու են առաջարկներ թէ՛ այս տարուայ, թէ յաջորդ տարուայ աշխատանքների համար», յայտնած է ան՝ դիտել տալով, որ այսօրուան առաջնահերթութիւններէն է նախաձեռնութիւններու ժամանակացոյցի մշակումը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքներու կազմակերպումը ապահովելու համար: