ՊՈԼԻՍ, »Մարմարա«.- Հակառակ անոր, որ քրտական տագնապին շուրջ սկիզբ առած բանակցութեանց շնորհիւ սկսած է խօսուելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան մասին՝ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքը իրականութեան մէջ դարձեալ պայթուցիկ կամ առնուազն զգայուն վիճակի մը մէջ է:
Քրտական շրջանակները կը խօսին ո՛չ թէ զէնքերը վերջնականապէս վար դնելու մասին, այլ՝ հրադադար հռչակելու ու յատուկ պայմաններու մէջ Թուրքիայէն դուրս ելլելու մասին։ Սակայն, մինչ խաղաղութեան ու զէնքերը վար դնելու մասին կը խօսուէր, Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւնները չեն դադրած, անոնք կը շարունակուին, եւ բանակը կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնը։
Միւս կողմէ, Նեւրուզի տօնակատարութեան օրը, քիւրտերը թրքական դրօշակ չպարզեցին, ինչ որ խստօրէն քննդատուեցաւ որոշ շրջանակներու կողմէ։
Այդ քննադատութիւններուն պատասխանելով՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, Մարտ 26ին կայացած երեսփոխանական խմբակի նիստին, նախ գովեց թուրք-քիւրտ եղբայրութիւնը, ապա հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կարգ մը շրջանակներ անհանգստացած են Օճալանի նամակին մէջ տեղ գտած հետեւեալ նախադասութենէն՝ »թուրքերն ու քիւրտերը իսլամի դրօշակին տակ 1000 տարի միասին ապրեցան«։ Ան պնդեց, թէ այդ հազար տարիներուն ընթացքին սպանդ, ձուլում եւ ուրացում չկար, ազգ-պետութիւն կոչուած ըմբռնումը չկար։
Տեմիրթաշ նաեւ ընդգծեց. »Հասարակաց մշակոյթը պէտք է պաշտպանուի ամէն գնով։ Ուստի ամէն բանէ առաջ պէտք է վերջ տրուի զիրար սպաննելու գործողութիւններուն։ Հիմա մեծ պարտականութիւն պէտք է ստանձնեն ձախակողմեան քաղաքագէտէն սկսած մինչեւ ամէնէն ազգայնապաշտ քաղաքագէտը, ոչ իսլամներէն մինչեւ իսլամները, նաեւ բոլոր դասակարգերու ներկայացուցիչները«։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.