
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէն Վարուժան Ուրֆալեան կը տեղեկացնէ, թէ ամբողջ սերունդներ ազգային, հայրենասիրական ու յեղափոխական ոգիով դաստիարակած Մալխասի «Զարթօնք» վիպական հատորները շուտով թարգմանաբար պիտի ներկայացուին անգլիախօս հասարակութեան:
«Զարթօնք»ի թարգմանութիւնը կը կատարէ Սիմոն Պէօճէքեանը, իսկ խմբագրումը՝ Թաթուլ Փափազեան-Սոնենցը:
Ուրֆալեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ «Զարթօնք»ի երկու հատորներու թարգմանութիւնը եւ խմբագրումը աւարտած է եւ շուտով անոնք տրամադրելի պիտի ըլլան ընթերցողներուն: Երրորդ եւ չորրորդ հատորներու թարգմանութիւնը եւս աւարտած է. կը մնայ անոնց խմբագրումը, որ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է:
Առցանցային տեղեկագրութենէ մը այս մասին իմանալով՝ Մոսկուա բնակող հայորդի մը՝ Էդուարդ Ամիրխանեան, ուզած է տեսնել առաջին հատորի թարգմանուած ու խմբագրուած տարբերակը: Աչքէ անցընելով աշխատութիւնը՝ Ամիրխանեան խանդավառուած ու հինգ հազար տոլարի նուիրատուութեամբ ուզած է մասնակցիլ այս յոյժ կարեւոր ու օգտակար նախաձեռնութեան:
Ամիրխանեան նաեւ յանձն առած է յաւելեալ միջոցներ ապահովել՝ այս աշխատանքը իր աւարտին հասցնելու նպատակով:
Վարձքդ կատար, Սիմոն: