ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
16 Մարտի երեկոյեան Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 34րդ տարեդարձը եւ Հայ Սկաուտի օրուան տօնակատարութիւն:
Հանդիսութեան ներկայ էին Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմատար Արա Մարգարեան, Մեծն Բրիդանիոյ Եկեղեցական ու Համայնքային խորհուրդի ատենապետ Արա Պալամուտեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:
Օրուան հանդիսավարուհի Արփի Ստեփանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, մասնաճիւղի անդամները խումբ առ խումբ բարձրացան բեմ, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ Հայաստանի քայլերգով: Ապա յաջորդաբար խօսք առին մասնաճիւղի խմբապետուհի Թինա Օհանեան, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Էտօ Ապրահամեան, Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Հաւատարմատար Արա Մարգարեան, որոնք անդրադարձան հայ նոր սերունդներուն մարդկային եւ ազգային դաստիարակութեան գործընթացին մէջ ՀՄԸՄի ունեցած գերգնահատելի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն զօրակցելու անհրաժեշտութեան:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն:
Նշենք, թէ վարչութեան կողմէ տիպար սկաուտի կոչումին եւ Յակոբ Պալամուտեանի շքանշանին արժանացաւ Նարբէ Մինասեանը իր խոնարհ ու նուիրեալ միութենական գործունէութեան համար:
Հանդիսութեան առաջին բաժինի աւարտին մասնաճիւղի կրտսերագոյն արծուիկը հատեց միութեան 34րդ ամեակին նուիրուած կարկանդակը:
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը գեղարուեստական յայտագիր էր: Գայլիկներն ու արծուիկները, արիներն ու արենուշները, պատասխանատուներու կազմը, միութեան Սկաուտ խորհուրդն ու վարչութիւնը ամիսներու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, հանրութեան կը ներկայացնէին հայատիպ, սերտուած ու իմաստալից գեղարուեստական յայտագիր մը:
Սկաուտները պատմական ու ներկայ Հայաստանի կարեւոր կեդրոնները կ՛այցելէին ու տուեալ վայրին շուրջ լստաեսողական տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, կը ներկայացնէին համապատասխան յայտագիր: Օրինակ՝ Կիլիկիոյ մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք խումբ մը սկաուտներ կատարեցին Կիլիկիա մաղթերքը, Մուշին ծանօթանալէ ետք՝ Մշոյ նուիրուած երգ ու պար, հետաքրքրական զաւեշտ, կենդանի պատկերի միջոցաւ՝ Ծիծեռնակաբերդի, Արցախի, Սարդարապատի այցելութիւն եւ վերջապէս ՀՄԸՄի նշանին տակ միշտ պատրաստ ըլլալու խոստում տուող խմբային երգ: Ամէն ինչ հայկական էր ու խորհրդանշական, ինչ որ առաւել կ՛իմաստաւորէր երեկոյի կազմակերպման նպատակը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ բարձր տրամադրութեամբ, գնահատանքի ու զօրակցութեան արտայայտութիւններով:
Սոյն ձեռնարկով անգամ մը եւս վերահաստատուեցաւ, թէ արեւմուտքի համաշխարհայնացած, բազմամշակոյթ ու այլասերող միջավայրին մէջ՝ հայօրէն ապրելու ու գոյատեւելու հիմնական երաշխիքը մէկը՝ ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերուն մէջ կը խտանայ: Իսկապէ՛ս ՀՄԸՄը հայակերտումի ու մարդակերտումի ամրոց է:
–Լուսանկարները՝ ԷԴՎԻՆ ԴԱՒԻԹԵԱՆի