ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Մարտին այցելած է Ասկերան եւ մասնակցած շրջանի վարչակազմի 2012ի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութեան նուիրուած նիստին:
Զեկուցումներով հանդէս եկած են Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեանը եւ տարբեր ստորաբաժանումներու պատասխանատուներ:
Երկրին ղեկավարը նշած է, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին վարչակազմին կողմէ կատարուած է աշխոյժ աշխատանք: Բակօ Սահակեանի համաձայն, միեւնոյն ատեն անհրաժեշտ է պահպանել աշխատանքներու դրական կշռոյթը, որպէսզի լուծուին շրջանին մէջ տակաւին առկայ բազմաթիւ խնդիրներ:
Նախագահը յանձնարարականներ տուած է շրջանային վարչակազմի եւ համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն՝ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Հաշուետու նիստին մասնակցած են փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.