
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուած են սեփական ընկերութիւններու կողմէ ներածուած նոր փոխադրակառքերը, որոնք պիտի տրամադրուին հասարակութեան փոխադրութեան։ Փոխադրակառքերով կատարած պտոյտին ընթացքին պատասխանատուները քաղաքապետին ներկայացուցած են անոնց ունեցած առաւելութիւնները, ուղեւորներուն համար գոյութիւն ունեցող պայմանները։
«Նախ իմ գոհունակութիւնն եմ յայտնում մասնաւոր ընկերութիւններին՝ տրանսպորտի ոլորտի բարեփոխումներին աջակցելու եւ միկրոաւտոբուսների փոխարէն նոր աւտոբուսներ ներկրելու համար: Նաեւ նշեմ, որ մենք շարունակելու ենք մասնաւորի հետ բանակցութիւնները, որպէսզի քաղաքային երթուղիները համալրենք անհրաժեշտ եւս 200-300 աւտոբուսներով՝ առկայ պահանջարկը լիարժէք բաւարարելու համար», յայտնած է Տարօն Մարգարեան: Ան աւելցուցած է. «Իսկ արդէն այս տարեվերջին, ընդհանուր առմամբ, մայրաքաղաքի հասարակական տրանսպորտի երթուղիներում կը շահագործուի շուրջ 760 աւտոբուս»:
Նոր փոխադրակառքերը Երեւան բերուած են քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուող հասարակական փոխադրութեան ցանցի բարեփոխումներու ծրագիրի ծիրին մէջ, որով պատասխանատուները կը միտին փոքր փոխադրակառքերը փոխարինել աւելի մեծերով։
2012 թուականէն մինչեւ օրս Երեւան ներածուած է 350 փոխադրակառք, որուն 90ը անձնական ընկերութիւններու կողմէ՝ 2013ի առաջին եռամսեակին:
Տարօն Մարգարեան նաեւ անդրադարձած է փոխադրութեան գիները բարձրացման մասին վերջերս շրջան ընող լուրերուն. «Մենք պաշտօնապէս յայտարարել ենք, որ մայրաքաղաքում հասարակական տրանսպորտի ուղեվարձի փոփոխութեան հարց չի քննարկուել եւ յառաջիկայում էլ նման բան չի նախատեսւում: Մեր համաքաղաքացիները կարող են անհոգ լինել, ուղեվարձը մնալու է անփոփոխ», հաստատած է քաղաքապետը: