ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի մէջ անուններու հարցերով յատուկ յանձնաժողով մը անհանգիստ է այն իրողութենէն, որ երկրին մէջ տարածուն դարձած են օտար անունները, եւ այդ նպատակով յանձնաժողովը կ՛առաջարկէ արգիլել անոնց գործածութիւնը։ Յատուկ զգուշութիւն ստեղծած են այն անունները, որոնք կը հնչեն ռուսերէն, նոյնիսկ եթէ այդ անունները այլ ծագում ունենան։ Ըստ յանձնաժողովին՝ այդպիսի անուններ կը նոյնանան Խորհրդային Միութեան հետ։
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ յանձնաժողովը կառավարութեան առաջարկած է անուններու սահմանափակումներ ներմուծել, սակայն տակաւին կը կազմուի անուններու վերջնական ցանկը։
Կարգ մը քաղաքացիներ համամիտ են այս փոփոխութիւններուն, իսկ ոմանք կ՛ընդդիմանան նման սահմանափակումներու:
Ատրպէյճանի մէջ բազմաթիւ մականուններ կը վերջանան «ով» եւ «եւ» ռուսական մասնիկներով, սակայն վերջերս մականունները սկսած են փոխուելու՝ որդեգրելով «լի» եւ «զատէ» մասնիկները։ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Ալի Հասանով յայտարարած է, որ մականունը «ազգային խորհրդանիշ» մը պէտք է ըլլայ եւ առաջարկած, որ մականունները վերջանան «ազ» կամ «եազ» մասնիկներով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.