ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Էյ.Փի.».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրելու քայլը դժգոհութեան ալիք մը յառաջացուցած է Իսրայէլի մէջ։ Այս մասին ամէնէն ցայտուն ու ցնցիչ փաստը եկաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին ուղարկուած նամակով մը։ Նամակին հեղինակն է հրեայ ծագումով ամերիկահպատակ դասախօս եւ գրող Սթիվըն Փլոթ, որ ներկայիս կը դասախօսէ Հայֆա քաղաքի համալսարանին մէջ եւ մաս կը կազմէ համալսարանի վարչութեան։
Նամակին մէջ ան դիտել կու տայ, որ Նեթանիահուի խնդրած ներողութիւնը Իսրայէլի ժողովուրդին տեսակէտը չի ցոլացներ, եւ որ վարչապետը «վախկոտ ու տխմար անձ մըն է»։ Հրեայ դասախօսը կ՛աւելցնէ, թէ ինք եւս ներողութիւն կը խնդրէ, որ իսրայէլեան ուժերը ջուրին տակը չեն անցուցած թրքական «ահաբեկչական» նաւը: Փլոթ նաեւ կը գրէ, թէ թուրքերը բռնագրաւուած կը պահեն հիւսիսային Կիպրոսը, իսկ Իսրայէլ լուռ կը մնայ այդ բռնագրաւումին դէմ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իսրայէլացի ընդդիմադիր ղեկավարներէն Ցիփի Լիվնիի հետ՝ թուրքեւիսրայէլեան մերձեցման քայլեր առնելու նպատակով, մինչ Էրտողան յայտարարած է, թէ Կազա պիտի այցելէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.