
ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտներէն 31 հոգինոց խումբ մը մասնակցած է Մարտ 8ին, Միշըն Վիէհոյի մէջ կայացած պերճախօսութեան մրցանքին, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէական վարժարաններու միջազգային միութեան կողմէ: Մրցանքին կը մասնակցէին Լոս Անճելըս, Սան Պեռնարտինօ եւ Սան Տիէկօ գաւառներու վարաժարններէն աշակերտներ:
«Սահակ-Մեսրոպ»ի աշակերտներէն 21ը արժանցան յատուկ յուշատախտակներու, իսկ անոնց պատրաստած խամաճիկներու ներկայացումը խլեց առաջին դիրքը: Անոնց հրամցուցած այդ ներկայացումը պիտի հրամցուի նաեւ վարժարանի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 5ին:
«Հպարտ ենք մեր 8րդ կարգի աշակերտներուն այս իրագործումով: Կ՛ուզենք նաեւ շնորհաւորել Անգլերէնի բաժանմունքի պատասխանատու ուսուցիչ Ճեք Աղուլեանը, որ այս յատկանշական յաջողութեան առաջնորդած էր մեր աշակերտները», կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան: