
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ որբերու օժանդակութեան ընկերակցութեան (SOAR) Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համանախագահ Գոհար Մարտիրոսեան-Փելթըր կը հաղորդէ, որ բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ հաստատուած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Թռչնոց Բոյն» որբանոց-ուսումնարանը արձանագրած է նպաստընկալ հաստատութիւններու իր ցանկին վրայ եւ որոշ յատկացում տրամադրած է անոր։
Գոհար Մարտիրոսեան-Փելթըր, մասնաճիւղի համանախագահ Թամար Արմենակի հետ վերջերս այցելութիւն մը տուած էր Ազգ. առաջնորդարան եւ ընդունուած առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ան լուսաբանութիւններ տուած էր հայ որբեր խնամող հաստատութիւններուն նպաստ տրամադրող յիշեալ կազմակերպութեան ու անոր աշխատանքի ծաւալին մասին՝ յայտնելով, որ 2006ին հիմնուած SOAR-ը այժմ կը գործէ Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական բազմաթիւ օճախներու մէջ, որոնցմէ մէկն է Լիբանանը. կազմակերպութիւնը ցանկութիւն ունէր «Թռչնոց Բոյն»ը եւս ունենալու իր ցուցակին վրայ, հետեւաբար, առաջնորդ սրբազանին խորհուրդը խնդրած էր՝ այս նպատակին իրականացման գծով։
Սրբազանը ողջունած ու բարձր գնահատած էր այս դիտաւորութիւնը եւ SOAR-ի տրամադրութիւնները փոխանցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր ուշադրութեան: Կաթողիկոսի ցուցմունքներուն հիմամբ՝ կապ ստեղծուեցաւ SOAR-ին եւ «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութեան միջեւ, եւ ահա, կը հաղորդուի, թէ աշխատանքը մտած է յաջողութեան ուղի։