
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքներու քննարկում մը՝ անգլերէնով՝ «Տիտի Հըրշ» մտային առողջապահական սպասարկութեանց կեդրոնի եւ «ԱրմԵունիթի» առողջապահական կեդրոնի մասնագէտներուն առաջնորդութեամբ:
Ձեռնարկը կը հովանաւորէ գրադարանի Արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E. Harvard Street, Glendale CA, 91205: