
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի դասախօսներէն դոկտ. Սերճօ Լա Փորթա Փետրուար 12ին, Սոնոմայի նահանգային համալսարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւն մը ներկայացուց:
Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր համալսարանին մէջ գործող Ողջակիզման ու Ցեղասպանութեան ուսման կեդրոնին եւ Ողջակիզման ու Ցեղասպանութեան ուսման համախմբումին միացեալ ջանքերով:
Դոկտ. Լա Փորթա ներկայացուց յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ Թուրքիոյ տարած պայքարը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ գործածած Ռաֆայէլ Լեմքին, իբրեւ օրինակ ունէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը: